Saturday May 25, 2013

Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Գործադուլը Սառեցուց Նախարարութիւններուն Աշխատանքը

By adminx - Wed Jul 18, 7:33 am

Հաննա Ղարիպ

Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդին հրաւէրին ընդառաջելով` պետական մարզի պաշտօնէութեան ակներեւ թիւ մը տարբեր նախարարութիւններուն մէջ սառեցուց աշխատանքը եւ բողոքեց աշխատավարձի յաւելումներուն անտեսումին դէմ:

Անկախ իրենց համայնքներէն, յարանուանութիւններէն եւ քաղաքական պատկանելիութիւններէն, պաշտօնեաները միաձայնութեամբ պահանջեցին ընդառաջել իրենց պահանջներուն, որպէսզի կարենան բարելաւել իրենց ապրուստը:

Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի անդամ եւ Լիբանանեան վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ անկարելի է վերադառնալ պետական քննութիւնները սրբագրելու աշխատանքին, եթէ կառավարութիւնը չվաւերացնէ ուսուցիչներուն աշխատավարձերուն յաւելումները:

Նշենք, որ Ղարիպ եւ Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի այլ անդամներ այսօր հանդիպում մը պիտի ունենան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, եւ այդ հանդիպումին լոյսին տակ պիտի որոշուին հետագային որդեգրուելիք քայլերը:

Նշենք, որ պետական մարզի պաշտօնէութիւնը միայն կրթութեան նախարարութեան մէջ գործադուլ չկատարեց, այլ իւրաքանչիւր նախարարութեան կեդրոնին մէջ:

 

Leave a Reply

Advertisement