Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Wed Jul 18, 7:33 am
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print
ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ իսլամական արգելափակեալ մը, որ ձերբակալուած էր Ֆաթհ Իսլամ խմբաւորումին հետ գործակցելու յանցանքով, երէկ Ռումիէի բանտէն ազատ արձակուեցաւ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանի պատասխանատուներէն մէկը շեշտեց, որ Հըզպալլա տեղեակ չէ Միջազգային դատական ատեանին մօտ գտնուող փաստերէն:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Ալեքս Փարթըլեմը, որուն հետ քննարկեց դեսպանատան եւ ընդհանուր ապահովութեան վերաբերող հարցերը:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Զրարիէի սարքերը, որոնք վերջերս քանդուեցան, Իսրայէլի կողմէ զետեղուած նոր սարքեր էին:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Քայիտա նպատակադրած է սպանութիւնը լիբանանցի ղեկավարներու, որոնց շարքին առաջնահերթութիւն կը կազմեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ֆուատ Թըրք մահացաւ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ ընդգծեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի դէմ գործուելիք մահափորձերուն վերաբերող տեղեկութիւնները ստոյգ են:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած պայմանները դժուար են` աւելցնելով սակայն, որ կարելի է զանոնք դիմագրաւել` եթէ բաւարար ճիգ թափուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Տահեր յայտնեց, որ իրենք զինուորական ատեանին վրայ ոչ մէկ վստահութիւն ունին, որովհետեւ անիկա Հըզպալլայի իշխանութեան տակ կը գտնուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ Ռապիէի հետ իրենց հաղորդակցութիւնները չեն խզուած, այլ` կարիքը ունին վերաշխուժացման:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ` յուլիսեան պատերազմին տարեդարձին առիթով:
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print



