Ռուսիա Կը Սպառնայ Սուրիոյ Շուրջ Արեւմտեան Բանաձեւը Վեթոյի Ենթարկել
By adminx - Wed Jul 18, 7:27 am
- 0 Comments
- 78 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Նիւ Եորքի ժամանակացոյցով չորեքշաբթի կէսօրէ ետք քուէարկութիւն կը կատարէ Սուրիոյ հարցով արեւմտեան այն բանաձեւին շուրջ, որ սուրիական իշխանութիւններուն կը սպառնայ անոնց դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատել, եթէ չդադրին բնակուած վայրերուն մէջ ծանր զէնքեր օգտագործելէ եւ որոշումին որդեգրուելէն ետք տասը օրուան ընթացքին իրենց ուժերը գիւղերէն եւ քաղաքներէն չհեռացնեն: Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ հակառակ անոր որ Ռուսիա յայտարարած է, որ զայն վեթոյի պիտի ենթարկէ:
ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին երէկ վերահաստատելով իր երկրին կեցուածքը խոստացաւ արեւմտեան բանաձեւը վեթոյի ենթարկել: Ան ըսաւ, որ այդ բանաձեւը «զինուորական միջամտութեան ելակէտ է, ինչպէս որ պատահեցաւ Իրաքի մէջ»:
Չուրքին Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արեւմտեան բանաձեւը քննարկելու ոչ պաշտօնական նիստէ մը դուրս գալէն ետք յայտնեց, որ «այս ժողովին մասնակցիլը անօգուտ կը նկատեմ: Յստակ դարձուցի, որ բանաձեւին մէջ (ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան) 7-րդ յօդուածի գոյութիւնը մեզի համար բացարձակապէս անընդունելի է»` աւելցնելով, որ «կ՛ուզեն իրենց քաղաքական օրակարգերը (բանաձեւին) կպցնել եւ չեն ուզեր, որ ՄԱԿ-ի դէտերը Սուրիոյ մէջ իրենց աշխատանքը շարունակեն»: Նշենք, որ դէտերուն առաքելութեան ժամկէտը կ՛աւարտի ուրբաթ, 20 յուլիսին:
Չուրքին նշեց, որ «կատարելապէս յստակ դարձուցի արեւմտեան բանաձեւին նկատմամբ մեր ընդդիմութիւնը, եւ միակը պիտի չըլլանք»: Ան Սուրիոյ մէջ կացութեան զարգացման երեք դիպաշար նշեց. երկարատեւ յարանուանական ճակատում, իրաքեան օրինակով զինուորական մեծ միջամտութիւն կամ երկխօսութիւն ու Ժընեւի հաղորդագրութեան գործադրութիւն:
Չուրքին պատրաստակամութիւն յայտնեց որդեգրելու պարզ որոշում մը, որ Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու աշխատանքը կ՛երկարաձգէ:
Մինչ այդ, ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան երէկ Ռուսիա իր կատարած այցելութեան երկրորդ ու վերջին օրուան ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Փութին Անանին յայտնեց, որ ամէն ջանք պիտի թափէ Անանի պատրաստած ծրագիրին զօրակցելու համար: Ան Քրեմլինի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ «սկիզբէն, առաջին քայլերէն ի վեր աջակցեցանք եւ կը շարունակենք աջակցիլ(Սուրիոյ մէջ) քաղաքացիական խաղաղութիւնը վերականգնելու ձգտող ձեր ջանքերուն»` աւելցնելով, որ «ձեր ջանքերուն աջակցելու գծով մեզմէ կախեալ ամէն բան պիտի կատարենք»:
Անան իր կարգին նշեց, որ «սուրիական տագնապը վտանգաւոր հանգրուան հասաւ»: Ան ըսաւ, որ «կը սպասեմ, որ Ապահովութեան խորհուրդը ուղղէ պատգամ մը, որ յստակ կը դարձնէ, թէ սպանութեան ոճիրները պէտք է դադրին, եւ գետնի վրայ կացութիւնը անընդունելի է»:
Նշենք, որ Անան մէկ օր առաջ հանդիպում ունեցած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Ռուս պաշտօնատար մը «Ռուսիա Եոմ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Անան-Լաւրով հանդիպումին ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրը չէ քննարկուած: Պաշտօնատարը նշած է, որ Անան կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու առաքելութիւնը երկարաձգելու ռուսական կեցուածքին: Պաշտօնատարը նաեւ ընդգծած է, որ Մոսկուա Անանի առաջարկած է այս ամսուան վերջաւորութեան Մոսկուայի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մակարդակով «Սուրիոյ աշխատանքային խմբակ»-ի ժողով մը գումարել:
Ռուսական «Ռոսիսքայա Կազեթա» օրաթերթը հաղորդեց, որ Անան ռուսերուն հետ կը ջանայ սուրիական ընդդիմութիւնը համոզել սուրիական վարչակարգին հետ երկխօսութիւն կատարելու համար իր ճշդած նախապայմաններէն հրաժարելու:
Միւս կողմէ, մինչ Դամասկոսի Մայտան Սապաա Պահրաթ եւ կարգ մը այլ շրջաններու մէջ սուրիական կանոնաւոր բանակին եւ զինեալ ընդդիմութեան միջեւ բուռն բախումներ ընթացք առին, Սուրիական ազատ բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ «Դամասկոսի ազատագրման ճակատամարտը սկսաւ»` վստահեցնելով, որ մայրաքաղաքին տիրելու ծրագիր մը գոյութիւն ունի եւ «յաղթանակը մօտ է»:
Այս առումով իսրայէլեան բանակի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի հրամանատար զօր. Աֆիֆ Քոխաֆի Քնեսեթի անդամներուն առջեւ լսումի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ասատ իր բանակային ուժերը Կոլանէն Դամասկոս եւ Սուրիոյ մէջ բախումներու թատերաբեմ դարձած այլ վայրեր կը փոխադրէ:
Քոխաֆի զգուշացուց, որ Սուրիոյ մէջ ծայրայեղական իսլամութիւնը սկսած է տարածուիլ` նշելով, որ «Սուրիա Իրաքի վերածուելու հանգրուան մուտք գործեց»` յիշեցնելով, որ Իրաքի մէջ տարբեր ցեղախումբեր եւ հատուածներ կը տիրեն երկրին տարբեր բաժիններուն: Ան նշեց, որ «Քայիտայի եւ միջազգային ժիհատի գործիչներու դէպի Սուրիա շարունակական հոսք կը տեսնենք, ուստի Կոլանի բարձրավանդակը Սուրիոյ մէջ սրբազան պատերազմի շարժումի աճին պատճառով կրնայ Սինայի նման Իսրայէլի դէմ գործունէութեան թատերաբեմ դառնալ»:
Իսրայէլեան բանակի տեղեկահաւաքի ղեկավարը յայտնեց, որ «Հըզպալլա եւ Իրան այժմ Ասատի տապալման յաջորդող օրուան կը պատրաստուին»:
Նշենք, որ «Քայ Թի Քայ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ղազախստանի մեծագոյն քաղաք Ալմաթիի մէջ գտնուող սուրիական հիւպատոսարանը հրկիզուած է, իսկ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ օդաչու գնդապետ Զիատ Թլաս Յորդանան հասնելով սուրիական բանակէն իր անջատումը յայտարարած է:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ յայտնեց, որ «Ֆրանսա մտահոգ է այն տեղեկութիւններէն, որոնք սուրիական վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքերու տեղափոխման մասին կը խօսին»` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը փորձէ «ճշմարտութիւնը գիտնալ»:
Ան նշեց, որ այս առումով ստացուած վերջին տեղեկութիւնը 11 յուլիսին սուրիական վարչակարգէն անջատուած Իրաքի մէջ Սուրիոյ դեսպան Նաուաֆ Ֆարեսի յայտարարութիւնն էր:
- 0 Comments
- 78 views
- Tweet
Email
Print




