Thursday Jun 20, 2013

Իրաք Թուրքիոյ Համար Իր Օդային Տարածքը Կը Փակէ

By adminx - Wed Jul 18, 7:26 am

Թրքական օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւ մը

Իրաք փակեց թրքական օդանաւերուն դիմաց իր օդային տարածքը, որուն պատճառով ալ թրքական օդանաւային ընկերութեան պատկանող երկու օդանաւեր եւ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան «Փեկասիւս» ընկերութեան պատկանող օդանաւ մը մնացին հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի մայրաքաղաք Էրպիլի օդակայանին մէջ:

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի քաղաքային թռիչքներու իշխանութիւնը յայտնած է, որ օդանաւերուն թռիչքը արգիլուած է, որովհետեւ երկրին ռատարի համակարգին մէջ խանգարում մը յառաջացած է, սակայն թրքական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ ըստ կարգ մը մամլոյ տեղեկութեանց, միայն դէպի Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա թռիչքները ընդհատուած են, մինչ այլ ուղղութեամբ թռիչքները կանոնաւոր կերպով կը շարունակուին: «Միլլիյէթ» կը հաղորդէ, որ թրքական օդանաւային ընկերութենէն յոյս յայտնած են, որ խնդիրը երկու ժամուան ընթացքին լուծուի եւ օդանաւերը Թուրքիա վերադառնան:

«Միլլիյէթ» կը նշէ, որ օդային տարածքի փակման այլ վարկած մըն է երկու երկիրներուն միջեւ «քարիւղային ճգնաժամը»: Թուրքիոյ եւ Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան միջեւ վերջերս լարուածութիւն ստեղծուած էր հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանին հետ թրքական կողմին կնքած քարիւղի եւ բնական կազի ներածման համաձայնութեան պատճառով: Պաղտատ կիրակի օր այդ համաձայնութիւնը «ապօրինի եւ անօրինական» յայտարարած էր եւ զգուշացուցած Թուրքիան, որ քրտական շրջանային վարչակազմին հետ անջատ համաձայնութեան կնքումը կրնայ առեւտրական յարաբերութեանց վնաս պատճառել:

Նշենք, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի նշած է, որ Իրաք չի կրնար լուռ մնալ Թուրքիոյ օդանաւերուն կողմէ Իրաքի օդային սահմանը խախտելու միջադէպերուն առնչութեամբ:

 

Leave a Reply

Advertisement