Friday May 24, 2013

Քլինթընը` Իսրայէլի Ղեկավարներուն. «Մուրսի Իսրայէլի Հետ Տարակարծութիւններուն Մագլցումով Հետաքրքրուած Չէ»

By adminx - Wed Jul 18, 7:25 am

Քլինթըն եւ Նեթանիահու

Քաղաքական լաւատեղեակ աղբիւր մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն եւ նախ եւ առաջ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի յայտնած է, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի Իսրայէլի հետ տարակարծութիւններուն մագլցումով բացարձակապէս հետաքրքրուած չէ:

Քլինթըն ըսած է, որ Մուրսիի հետ իր խօսակցութեան ընթացքին նշմարած է, որ ան միայն Եգիպտոսի ներքին քաղաքական կամ տնտեսական հարցերը լուծելու վրայ կեդրոնացած է եւ կը գիտակցի ներկայիս Իսրայէլի հետ կացութեան մագլցումի հետեւանքներուն, ինչ որ զինք պիտի մղէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները պահելու ինչպէս որ են եւ զանոնք չքայքայելու:

Աղբիւրը «Հաարեց»-ին նաեւ նշած է, որ Քլինթըն փորձած է պաղեստինցիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթը վերաշխուժացնել: Քլինթըն իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին փորձած է զանոնք քաջալերել Պաղեստինեան իշխանութեան դիրքը ամրապնդելու նպատակով եւ Իսրայէլի հետ սառեցուած խաղաղութեան հոլովոյթին վերսկսելու համար պաղեստինցիներուն նկատմամբ բարի կամեցողական քայլեր կատարելու:

Leave a Reply

Advertisement