Ըստ Իսրայէլեան Կայքէջի Մը Քլինթընի Շքախումբը Երուսաղէմ-Թել Աւիւի Ճամբուն Վրայ Հրացանաձգութեան Ենթարկուած Է
By adminx - Wed Jul 18, 7:24 am
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print
Իսրայէլեան աղբիւր մը «Ռուսըր» կայքէջին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի շքախումբը երկուշաբթի օր Երուսաղէմ-Թել Աւիւ ճամբայէն անցնելու ընթացքին հրացանաձգութեան ենթարկուած է:
Կայքէջը կը նշէ, որ «Սիթրոյեն» տիպի ճերմակ ինքնաշարժ մը մօտեցած է շքախումբին մաս կազմող ինքնաշարժի մը, եւ «ըստ երեւոյթին, նշեալ «Սիթրոյեն» ինքնաշարժէն կրակ բացուած է»:
Ըստ շքախումբին մաս կազմած պահակներուն, նշեալ ինքնաշարժը դէպքին վայրէն փախուստ տուած է եւ շքախումբին անձնակազմին մէջ վիրաւոր չէ արձանագրուած: Կայքէջը կը նշէ, որ հրացանաձգութենէն ետք ոստիկանական մեծ ուժ մը հասած է դէպքին վայրը:
Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը չհաստատեց, եթէ իսկապէս Քլինթընի շքախումբին ուղղութեամբ կրակ բացուած է, սակայն նշեց, որ նշեալ ճամբուն վրայ եւ մասնաւորաբար Անֆա քառուղիին վրայ լայնատարած հետաքննութեան գործողութիւն մը կը կատարէ:
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print



