Saturday May 25, 2013

Քլինթըն. «Միացեալ Նահանգներ Իրանի Կողմէ Հիւլէական Զէնքի Ստեղծումը Կանխարգիլելու Համար Ուժի Բոլոր Տարրերը Կ՛օգտագործեն»

By adminx - Wed Jul 18, 7:23 am

Հիլըրի Քլինթըն

«Արապիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Իսրայէլ իր այցելութեան ծիրին մէջ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի կողմէ հիւլէական զէնքի ստեղծումը կանխարգիլելու համար պիտի օգտագործեն ամերիկեան ուժի բոլոր տարրերը:

Զինուորական գործողութիւններու սպառնալիք պարունակող այս յայտարարութեան նախորդած էին Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու կիրարկումը:

Երուսաղէմի մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քլինթըն նաեւ Իրանը ամբաստանած է «5+1»-ի հետ բանակցութիւններու ընթացքին «ոչ գործնական» առաջարկներ ներկայացնելու համար:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակարգը պարբերաբար կը խորհրդակցի Իսրայէլի հետ` Թեհրանի վրայ գործադրուող ճնշումը առաւել եւս մեծցնելու հարցին շուրջ:

«Մենք զրուցած ենք յստակ քայլերու մասին, որոնց անհրաժեշտ է ձեռնարկել ճնշումը մեծցնելու համար», ըսած է ան:

Leave a Reply

Advertisement