Ճափոնի Մէջ Սաստիկ Տաքին Պատճառով Շուրջ 700 Հոգի Հիւանդանոցներու Մէջ Դարմանուած Են
By adminx - Wed Jul 18, 7:22 am
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print
Vz.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ճափոնի մէջ սաստիկ տաքին պատճառով արձանագրուած է զոհ մը եւ 693 ուրիշներ հիւանդանոցներու մէջ դարմանումի ենթարկուած են:
Մահացած տղամարդը նախապէս հիւանդանոցի մէջ դարմանուած էր` քանի մը ժամ արեւուն տակ աշխատելէ ետք: Բժիշկները չեն կրցած արեւահար տղամարդուն կեանքը փրկել: Հիւանդանոցներու մէջ դարմանումի ենթարկուող շուրջ 700 անձերուն շարքին են նաեւ երեխաներ, որոնք մասնակցած են բացօթեայ մրցումներու:
Ճափոնի կեդրոնական հատուածներուն մէջ ջերմաստիճանը բարձրացած է մինչեւ 35 աստիճան, իսկ օդերեւութաբանական նախատեսութիւնները յուսադրող չեն. ջերմաստիճանը երկու աստիճան եւս պիտի բարձրանայ:
Օդերեւութաբանները զգուշացուցած են, որ անձրեւներու շրջանը արդէն աւարտած է եւ տաքերը «պիտի տիրեն» մինչեւ աշնան սկիզբը:
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print



