Saturday May 25, 2013

«Ազդակ»-ի Նիւթերը Հասանելի` Ռուսախօս Ընթերցողներուն

By adminx - Wed Jul 18, 7:16 am

Ռուսիոյ Նիժնի Նովկորոտ քաղաքին մէջ լոյս տեսնող «Կամուրջ» թերթի եւ «Ազդակ»-ի համագործակցութեան շրջագիծին մէջ «Ազդակ»-ի հրատարակած սփիւռքի եւ լիբանանահայ գաղութի վերաբերող նիւթերն ու առաջնորդող մեկնաբանական յօդուածները ռուսերէնի թարգմանութեամբ սկսած են  հրատարակուիլ «Կամուրջ»-ի էջերուն եւ առաքուիլ հայկական ռուսատառ կայքէջերուն:

«Կամուրջ» թերթը իր յառաջիկայ թիւերէն մէկը պիտի յատկացնէ լիբանանահայ համայնքին եւ  «Ազդակ» օրաթերթին: Այդ առիթով նաեւ կը նախատեսուի Ռուսիոյ մէջ մամլոյ գործիչներու լսարան մը, ուր պիտի ներկայացուի «Ազդակ»-ի անցած 85-ամեայ ուղին:

«Կամուրջ»-ի հետ սկսած համագործակցութեան շնորհիւ «Ազդակ»-ի կարեւորագոյն հրապարակումները կը դառնան հասանելի ռուսերէն ընթերցող նկատառելի համրանքի մը:

 

http://www.miasin.by/2012/07/18/shaan-kandaxaryan-armyane-livana-dolzhny-prinimat-uchastie-v-obsuzhdenii-armyano-tureckix-voprosov/

http://www.yerkramas.org/2012/07/15/shaan-kandaxaryan-armyanskie-smi-dolzhny-gotovitsya-k-novoj-informacionnoj-vojne/

http://www.armnn.ru/index.php?option=com_content&view=article&id=1096&Itemid=13

 http://news.rambler.ru/14736065/

http://miasin.ru/news/com/item3561.html

http://voskanapat.info/news/shaan_kandakharjan_armjane_livana_dolzhny_prinimat_uchastie_v_obsuzhdenii_armjano_tureckikh_voprosov/2012-07-20-2374

Leave a Reply

Advertisement