Սփիւռքի Լրագրողները Հանդիպում Ունեցան Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ
By adminx - Wed Jul 18, 7:15 am
- 0 Comments
- 121 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` երեքշաբթի, 17 յուլիս 2012-ին, սփիւռքի լրագրողները դարձեալ առիթը ունեցան հանդիպում ունենալու պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեանի հետ, որ անդրադարձաւ համացանցին վրայ հայագիտութեան արդի մարտահրաւէրներուն: Ան նշեց, որ համացանցային եւ առհասարակ որեւէ քարոզչութեան պարագային պէտք է բացառել պատասխան քարոզչութեան ձեւաչափը:
Ըստ անոր, քարոզչութեան ժամանակ կարելի է կիրարկել որոշ շեղումներ հակառակորդ կողմին ներկայացուած ապատեղեկատուութեան շուրջ հիմնաւորուած նիւթեր, որոնց մէջ որոշակիօրէն թոյլատրելի է հակառակորդ կողմին այս կամ այն ձեւաչափով յիշատակումը:
Ան լրագրողներուն յորդորեց միշտ արժանահաւատ կապ (լինք) մը դնել յօդուածին հետ, որպէսզի ընկալողը հաւաստիութեան մէջ խորանայ:
Լրագրողներուն հետաքրքրական դասախօսութիւն մը ներկայացուց Երեւանի պետական համալսարանի տեսական փիլիսոփայութեան եւ տրամաբանութեան ամպիոնի վարիչ, դոկտ. փրոֆ. Ալեքսանտր Մանասեան, որ խօսեցաւ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի պատմութեան մասին:
Ճաշի դադարէն ետք թրքագէտ Ալեքսանտր Սաֆարեան անդրադարձաւ համաթուրանականութեան նիւթին:
Կէսօրէ ետք լրագրողները առիթը ունեցան հանդիպում ունենալու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որ պատասխանեց անոնց հարցումներուն եւ մտահոգութիւններուն:
- 0 Comments
- 121 views
- Tweet
Email
Print




