Friday May 24, 2013

Հայկազեան Համալսարանի Շահեկան Դասախօսութիւնը. «Յուշամատեան» Կայքէջը. Արեւմտահայաստանի Առօրեան Համացանցով Վերականգնելու Նպատակամէտ Ճիգը

By adminx - Wed Jul 18, 5:38 am

Հինգշաբթի, 5 յուլիս 2012-ի երեկոյեան, Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը ունեցաւ իր առաջին հրապարակային դասախօսութիւնը` ներկայութեամբ համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանին, արեւմտահայաստանով հետաքրքրուողներու, կայքէջին դերը գնահատողներու եւ բարեկամներու: Ձեռնարկը նուիրուած էր 2011 մարտ-ապրիլէն սկսեալ աշխուժօրէն բանող «Յուշամատեան» կայքէջին:

Ձեռնարկին բացման խօսքին մէջ կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Անդրանիկ Տագէսեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն` նշեց, որ անցնող հարիւրամեակին Արեւմտահայաստանը իբրեւ երեւոյթ եւ փաստ տարբեր չափերով ներկայութիւն եղած է հայ անհատին գիտակցական կեանքին մէջ, սակայն ծնունդով արեւմտահայ սերունդին անհետացումով Արեւմտահայաստանի տեղը կծկուած է սփիւռքահայ անհատի գիտակցական տարածքին մէջ: Ա. Տագէսեան մատնանշեց, որ արհեստագիտական նորագոյն նուաճումներուն շնորհիւ` համացանցի սքանչելի հնարաւորութիւն յառաջացած է ներկայիս, որպէսզի Արեւմտահայաստանը վերականգնեցուի կայքէջային իրավիճակով:

Ա. Տագէսեան ընդգծեց, որ գիտական նոր նուաճումները, համաշխարհայնացումը եւ համաշխարհային քաղաքական զարգացումները հայութիւնը եւ իւրաքանչիւր ազգ ու ժողովուրդ դրին նոր իրականութեանց առջեւ: Ան նշեց, որ ի տարբերութիւն նախորդ տասնամեակներուն, երբ «որոշ թիւով մարդիկ կ՛առնչուէին երկաթէ վարագոյրի ետին գտնուող Խորհրդային Հայաստանի հետ, կամ սահմանափակ թիւով մարդիկ միայն կ՛առնչուէին սփիւռքի տարբեր գաղութներու հայութեամբ, ապա այսօր ով որ կ՛ուզէ, կրնայ առնչուիլ թէ՛ Հայաստանով, թէ՛ սփիւռքի որեւէ անկիւնը ծուարած ուրիշ հայով»: Ան մեկնաբանելով «հայկական տարածքը»` ընդգծեց, որ` «ոեւէ հայ եթէ ուզէ, կրնայ իր հայկական պարունակը ծաւալել անծայրածիր, որովհետեւ սկսած է  յառաջանալ նոր տեսակի հայ ազգութիւն մը, որուն վրայ արեւը մար չի մտներ, մանաւանդ որ ազգութեան սահմանումը սկսած է վերափոխուիլ. ամէն ազգ իր նոր պարունակը յայտնաբերելու, սահմանելու եւ ամրապնդելու տագնապին մէջ է, եւ երբ իւրաքանչիւր հայ իր ինքնութեան վերասահմանումը կը կատարէ իբրեւ հայ, կը կատարէ նաեւ վերասահմանումը հայ ազգին»: Այս իրողութենէն մեկնելով` տոքթ. Ա. Տագէսեան գնահատեց «Յուշամատեան» կայքէջը, որ հայուն հնարաւորութիւն կու տայ իր ազգային վերասահմանումին մէջ լայնօրէն ընդգրկելու Արեւմտահայաստանը: Ան «արեւմտահայ աշխարհի առօրեան վերականգնող մեծատենչ քայլ» նկատեց «Յուշամատեան»-ը, որ «մեզի կը ներշնչէ ու կը մղէ, որ մեր հայկական պարունակին մէջ մեծցնենք տեղը Արեւմտահայաստանին` այդպիսով վերասահմանելով մեր հայկական ինքնութիւնը նորովի»:

Ապա ան ներկայացուց երկու բանախօսները` «Յուշամատեան» կայքէջի գլխաւոր խմբագիր տոքթ. Վահէ Թաշճեանը, որ իր տոքթորականը պաշտպանած է Փարիզ, աւարտաճառ ունենալով 1919-1939 ֆրանսական քաղաքականութիւնը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ` յաչս տեղի փոքրամասնութիւններուն: Վ.  Թաշճեան իբրեւ գիտաշխատող գործած է Փարիզի ՀԲԸՄ «Նուպարեան» մատենադարանին մէջ` 2003-2006, ապա` 2007-2011 գործած է Պերլինի Գերմանական հետազօտական կեդրոնին մէջ միաժամանակ հեղինակակցելով երկու գիրքի` «Հայերը 1919-1939. ապաստանարանի մը որոնումը» գիրքին, որ հրատարակուեցաւ ֆրանսերէն ու թարգմանուեցաւ նաեւ արաբերէնի եւ ՀԲԸՄ-ի պատմութեան նուիրուած հատորի մը` միութեան հարիւրամեակին առիթով:

Երկրորդ բանախօսը` «Յուշամատեան» միութեան նախագահ Էլքը Հարթմանն, որ մասնագիտութեամբ իսլամագէտ-օսմանագէտ է, ուսանած է Պերլինի համալսարանի Իսլամագիտութեան հիմնարկին մէջ, ապա պաշտօնավարած այնտեղ` 2003-2008 շրջանին, իսկ ներկայիս կ՛աշխատի իր տոքթորական աւարտաճառին վրայ` նիւթ ունենալով «Զինուորագրութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ»:

Մաքուր արեւմտահայերէնով նախ խօսք առաւ Էլքը Հարթմանն, որ անդրադարձաւ «Յուշամատեան» կայքէջի կազմութեան, ծնունդ տուող պատճառներուն, մասնակիցներուն ինքնութեան եւ մասնագիտութեան: Հարթմանն յայտնեց, թէ «Յուշամատեան»-ը մայիս 2010-ին հիմնուած ոչ շահութաբեր միութիւն մըն է, որուն նպատակն է վերականգնել օսմանեան հայերու անցեալի ժառանգութիւնը, եւ թէ` խումբին մաս կը կազմեն պատմագէտ-հայագէտ Վահէ Թաշճեանը, կայքէջը ձեւաւորող արժանթինահայ արուեստագիտուհի Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանը, որուն գիտական հետաքրքրութեան ծիրը յիշողութեան ու ինքնութեան շուրջ է, օսմանագէտ Էլքը Հարթմաննը եւ Փիթըր Հրեշտակեանը, որ մասնագէտ է ծիներու եւ կը զբաղի հայ ծագումնաբանութեամբ եւ կը հանդիսանայ կայքէջին գլխաւոր մեկենասը»: Հարթմանն աւելցուց, որ այս փոքր խմբակէն բացի, կան ուրիշ գիտնականներ եւ արուեստագէտներ եւս, եւ աւելցուց, որ «Յուշամատեան»-ը ստեղծուեցաւ պակասի մը պատճառով, եւ բացատրեց, թէ ոչ միայն յաջորդական թուրք կառավարութիւններն են, որ ժխտողական դիրք որդեգրած են Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ, այլեւ գրեթէ, առանց բացառութեան,  բոլոր օսմանագէտները միջազգային մակարդակի վրայ, բացատրելով, որ հերքումին  պատճառը այն է, որ օսմանագիտութիւնը բոլորովին կոյր աչք կը դարձնէ հայերուն վրայ եւ ուրեմն գրեթէ ուսումնասիրուած չեն հայերուն ներկայութիւնը, հայկական կեանքը, հայկական մշակոյթը, տնտեսական եւ քաղաքական մասնակցութիւնը Օսմանեան կայսրութեան»: Վ. Թաշճեան, շարունակելով այս միտքը, լուսաբանեց` խօսելով հայագիտութեան մէջ օսմանեան հայերու մասին եղած նիւթերուն: Ան ընդգծեց, թէ արեւմտահայ պատմութեան մասին մեր իմացածը կը սահմանափակուի Պերլինի վեհաժողովէն սկսող տխուր թուականներու եւ հերոսապատումներու մէջ, եւ թէ` ոչինչ գիտենք արեւմտահայ առօրեային մասին: Ապա մատնանշեց, որ այս գիտելիքին մէջ բացառութիւն կը կազմեն 1930-ականներէն հրատարակուիլ սկսող յուշամատեանները, որոնք նուիրուած էին արեւմտահայ այս ու այն քաղաքին կամ գիւղին: Ասոնք սակայն կարիքը ունին լուրջ մշակումի, որպէսզի կարենան դառնալ հումք` արեւմտահայ կեանքին ու առօրեային վերականգնման բուն ատաղձին:

Վ. Թաշճեան նշեց, որ այս յուշագրութիւններն են «Յուշամատեան»-ի գլխաւոր սկզբնաղբիւրները: Էլքը Հարթմանն շարունակելով այս ցաւալի թերութիւնը` ընդգծեց, որ թուրք, ամերիկացի եւ եւրոպացի պատմաբաններու ուսումնասիրութեանց մէջ օսմանեան հայերը բացակայ են, եւ բացատրեց, որ օսմանագիտութիւնը առաջին հերթին կը գործածէ օսմանեան, այսինքն կեդրոնական կառավարութեան արխիւային փաստաթուղթերը, առանց նկատի առնելու, որ այս աղբիւրները չէզոք չեն, այլ պետական պաշտօնեայի կողմէ գրուած են, հետեւաբար կողմ են: Իրաւ ալ հոն կեդրոնական կառավարութիւնն է, որ կ՛անդրադառնայ իր ենթականերուն, մանաւանդ` իր հպատակներու այն պահերուն, երբ ներքին կարգ ու կանոնի խախտում կ’արձանագրուի: Ահա թէ ինչո՛ւ այդ արխիւներուն մէջ մենք կը հանդիպինք գրեթէ միայն «ըմբոստ» հայերու, բայց չենք տեսներ հլու-հնազանդ հայերուն մեծամասնութիւնը:

Ապա փոխնիփոխ երկու բանախօսները անդրադարձան կայքէջին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, թէ ինչպիսի ձեւով, մատուցմամբ, հաղորդականութեամբ ու մատչելիութեամբ ներկայացուի ան հանրութեան: Անոնք ընդգծեցին նաեւ, թէ «Յուշամատեան»-ը շտեմարան մըն է, որուն շնորհիւ կը յառաջանայ լայնածիր ցանց մը մարդոց, որոնք կ’ուսումնասիրեն ոչ միայն արեւմտահայ իրականութիւնը, այլեւ` հոն բնակող այլ ժողովուրդներուն կենցաղը:

Անոնք նշեցին նաեւ, որ չեն վստահիր միայն իրենց ուժերուն, այլ կը գործակցին բոլոր պատրաստակամ հաստատութիւններուն, հայ եւ օտար գիտական կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ յօդուածագիր աշխատակիցներուն հետ: Այս ծիրին մէջ, Վ. Թաշճեան անդրադարձաւ Հայկազեան համալսարանի գործակցութեան: Բանախօսները մատնանշեցին, թէ «Յուշամատեան»-ը կը ստանայ ամէն տեսակի նիւթեր Արեւմտահայաստանի վերաբերող` լուսանկարներ, փորագրատիպ պատկերներ, օրագրեր, տետրեր, ձայնագրութիւն, ժապաւէններ, յուշեր, իրեր, որոնք «կը վերադարձուին տէրերուն` ըստ նուիրատուներու փափաքին: Մենք միայն թուայնացուած տարբերակը կ՛առնենք: Այսպիսով կը յառաջանայ Արեւմտահայաստանի հայկական արխիւ մը, որուն նիւթերը մատչելի կը դարձուին հանրութեան, կը պահպանուին, մանաւանդ որ մենք մեծաթիւ նման նիւթեր արդէն իսկ կորսնցուցած ենք զանազան պատճառներով»: Անոնք ցաւով նշեցին, որ` «ընտանեկան պատմութիւններուն իւրաքանչիւրը բեկոր մըն է, որոնք երբ հաւաքուին, կ՛ամբողջացնեն պատկերը, պատմութիւնը, որուն կը կապուի սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները առանձնացած ամէն հայ եւ այլ կարելիութիւններու բացակայութեան բերմամբ «Յուշամատեան»-ը կը դառնայ անոնց կապը` հայութեան եւ տարբեր սերունդներուն հետ»:

Բանախօսները անդրադարձան microhistory-մանրապատմագրութեան` բացատրելով, թէ տուեալ ընտանիքի մը պատմութեան ընթացքէն կը պարզուին օսմանեան հայերու ընկերային-տնտեսական վիճակը, քաղաքական-կրօնական հալածանքները եւ օսմանեան պետութեան վերաբերումը` արեւմտահայութեան հանդէպ: Այս առումով, անոնք ներկայացուցին Խարբերդ-Մամուրեթ Ուլ Ազիզի ձուլագործ ընտանիքներէն Բարիքեաններուն պատմութիւնը մինչեւ 1923: Պատմութեան ընդմէջէն յստակ դրսեւորուեցաւ այն հալածանքը, որուն ենթարկուած էր այս ընտանիքը իր հայ ըլլալուն պատճառով, եւ այն կասկածանքը, որ օսմանեան պետութիւնը սնուցած էր այս ընտանիքին հանդէպ` անոր արհեստին եւ կրօնին պատճառով:

Հուսկ, Հարթմանն եւ Թաշճեան եզրափակեցին իրենց զրոյցը` շեշտելով, թէ «Յուշամատեան»-ը կը ծառայէ հայերուն, որպէսզի իրենց անցեալը աւելի լաւ հասկնան, կը ծառայէ Փոքր Ասիա մնացած թուրքերուն եւ քիւրտերուն, որպէսզի իրենց պատմութիւնը ըմբռնեն եւ մանաւանդ գիտակցին սարսափելի կորուստը հայերուն, որոնց բացակայութիւնը մեծ բաց մը ձգեց իրենց կեանքին մէջ: «Յուշամատեան»-ը կը ծառայէ օսմանագէտ գիտնականներուն, որպէսզի Օսմանեան կայսրութիւնը տեսնեն իբրեւ բազմազգ կայսրութիւն մը. այսպիսով «Յուշամատեան»-ը կը զգենու նաեւ քաղաքական նշանակութիւն, նաեւ կը սատարէ Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ տարուող պայքարին, մանաւանդ երբ կը գիտակցուի, որ մարդկային կորուստէն ետք կը բնաջնջուի նաեւ յիշողութիւնը… «Յուշամատեան»-ին արդիւնքը քաղաքական է, բայց միջոցը` զուտ գիտական: Գիտութիւն մը, սակայն, որ ինչպէս համացանցը, միջոց մըն է,  որով կրնանք ուղղակի հաղորդակցութեան եւ երկխօսութեան մէջ մտնել:

Ձեռնարկի աւարտին ուղղուեցան հարցումներ: Ա. Տագէսեանի շնորհակալութեան խօսքէն ետք ներկաներէն ոմանք կատարեցին նիւթական աջակցութիւն այս ծրագրի յարատեւման ուղղութեամբ եւ զրոյցը շարունակուեցաւ Հայկազեան համալսարանին բակը` հիւրասիրութեամբ:

 

Leave a Reply

Advertisement