Thursday Jun 20, 2013

Նախագահ Սահակեան Այցելեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Գրասենեակ

By adminx - Tue Jul 17, 7:55 am

Հանդիպումէն պահ մը

16 յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ, նախագահական թեկնածու Բակօ Սահակեան այցելած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ եւ հանդիպում ունեցած Կեդրոնական կոմիտէին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ներքաղաքական, ընկերային-տնտեսական,  Լեռնային Ղարաբաղի շրջաններուն մէջ վերաբնակեցման, մարդուժի եւ վարկային քաղաքականութեան  վերաբերեալ հարցեր:

Նախագահ Սահակեան կարեւորութեամբ անդրադարձած է երկրին մէջ  տիրող բարոյահոգեբանական մթնոլորտին եւ շեշտած, որ  այս իմաստով   մեծ ներդրում ունի ՀՅ Դաշնակցութիւնը:  «Մենք երկար տարիներ կը զգայինք ատոր անհրաժեշտութիւնը», հաստատած է Սահակեան:

Նախագահը նշած է նաեւ, որ երկրին մէջ չկայ մարզ մը, ուր Դաշնակցութիւնը ընելիք չունենայ` աւելցնելով, որ ինք կ՛ակնկալէ ՀՅԴ-ի օժանդակութիւնը: «Ոչ թէ ցանկալի, այլ պարտադիր է, որ ՀՅԴ-ն մասնակցութիւն ունենայ երկրի  բոլոր մարզերու զարգացման գործին մէջ»:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան  յաջողութիւն մաղթած է նախագահական թեկնածու Բակօ Սահակեանին թէ՛ ընտրութիւններուն եւ թէ՛ հետագայ գործունէութեան ընթացքին` յոյս յայտնելով, որ յետընտրական հանգրուանը ըլլայ հեզասահ եւ քաղաքակիրթ զարգացումներով լի:

Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դ. Բաբայեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի գործավար Ա. Պուլուզեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ապառաժ» թերթի խմբագիր Ս. Խաչատրեան:

 

Leave a Reply

Advertisement