Մամետեարով Թերահաւատ Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Գործունէութեան Նկատմամբ
By adminx - Tue Jul 17, 7:51 am
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ԱՓԱ լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան` դժգոհութիւն յայտնած է. «Ի յայտ եկաւ, որ Մինսքի խմբակի 20-ամեայ միջնորդական առաքելութիւնը ապարդիւն է: Ազրպէյճանական հողերը տակաւին բռնագրաւուած կը մնան, եւ շուրջ մէկ միլիոն գաղթականներ եւ բռնի տեղահանուածներ տակաւին չեն կրնար վերադառնալ հարազատ բնօրրան»:
Էլմար Մամետեարով քննադատած է նաեւ սթաթիւս քոյի իրավիճակը: Ան յատկապէս դիտել տուած է, որ այս իրավիճակի պահպանումը կրնայ շրջանին մէջ յանգեցնել «անորոշութեան շարունակութեան, անկանխատեսելիութեան եւ վտանգներու»:
Մեկնաբանելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի այս յայտարարութիւնը, որ կատարուած է Մինսքի խմբակի համանախագահներուն շրջանային այցելութեան առիթով, Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է. «Իրականում, ինչ խօսք, պարոն Մամետեարովի ասածը ճշմարիտ չէ: Շնորհիւ Մինսքի խմբի համանախագահների գործունէութեան, կարգաւորման գործընթացը տեղից շարժւում է, ցաւօք սրտի` ոչ ի նպաստ հայկական կողմի: Եւ այդ առումով ազրպէյճանական կողմը պարզապէս հզօրացնում է իր ճնշումը համանախագահների վրայ` սթաթիւս քոն փոփոխելու ներքին պահանջ ներկայացնելով: Այսինքն` այդ դժգոհութիւնը դրանով է պայմանաւորուած»:
Մամետեարով այդ հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է նաեւ բազմակողմանի խաղաղութեան համաձայնագիրին. «Մինսքի խմբակի անդամ երկիրներու ղեկավարները բացէ ի բաց յայտարարած են, որ անընդունելի է շրջանին մէջ սթաթիւս քոյի պահպանումը: Երեք համանախագահող երկիրներու առաջարկները` մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ, ներկայացուած են կողմերուն: Այս առնչութեամբ Ազրպէյճան յայտնած է բանակցութիւնները շարունակելու պատրաստակամութիւն, որոնց կարգին նաեւ բազմակողմանի խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ»:
Էլմար Մամետեարով նաեւ դիտել տուած է, որ հայկական կողմը չէ ընդունած այդ առաջարկը:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեան այս գծով ըսած է. «Ձեւակերպումը բաւական անորոշ է: Ազրպէյճանի միակ առաջարկը հետեւեալն է` հայկական զինուժ Արցախում եւ շրջակայ տարածքներում պէտք չէ լինի: Դրանից յետոյ բոլոր հարցերը ինքնաբերաբար կը լուծուեն: Այդ տեսանկիւնից ազրպէյճանական մօտեցումը, ի հարկէ, առաւելապաշտական է եւ անիրագործելի: Ես կարծում եմ, որ սթաթիւս քոյի այս իրավիճակը, որով մտահոգ է պարոն Մամետեարովը, դեռեւս կը շարունակուի»:
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print



