Sunday May 26, 2013

Նախագահ Սլէյման Կը Հետապնդէ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարը

By adminx - Tue Jul 17, 7:49 am

Նախագահ Սլէյման եւ Հիւսէյն Հիւսէյնի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր երկօրեայ այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Թուրքիա` հետապնդելու համար Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները:

Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, առեւանգուած լիբանանցիները ազատ պիտի արձակուին ռամատան ամսուան սկիզբը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման դրուատեց Քուրայի մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւնները, որոնք ժողովրդավար էին եւ քաղաքակիրթ:

Ան կոչ ուղղեց ընտրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու եւ առիթ տալու արտերկրի լիբանանցիներուն` մասնակցելու ընտրութիւններուն:

Նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց նաեւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած ապահովական քայլերը` պահպանելու համար քաղաքացիներուն ապահովութիւնը: Նշենք, որ նախագահը երէկ նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Քուրայի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխան Քազեմ Խէյրը, որուն հետ քննարկեց հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:

Leave a Reply

Advertisement