Thursday Jun 20, 2013

Սարպայի Մէջ Նստացոյց` Ի Նպաստ Լիբանանեան Բանակին

By adminx - Tue Jul 17, 7:48 am

Նստացոյցին մասնակիցները` Սարպայի շրջանին մէջ

Լիբանանեան բանակին զօրակցող քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ Աքքարի մէջ սպաննուած շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի թղթածրարին հարցով դարձեալ բանտարկուած զինուորականներու ընտանիքներ ու հարազատներ երէկ փակեցին Սարպայի մայրուղին իր երկու կողմերով, այսինքն` Թրիփոլի-Պէյրութ եւ Պէյրութ-Թրիփոլի ուղղութեամբ:

Բանակին զօրակցութեան այս ցոյցին ընթացքին ցուցարարները ճամբաները փակեցին լիբանանեան հսկայ դրօշակներով եւ բանակին զօրակցութեան կարգախօսներ կրող պաստառներով:

Ցուցարարները իրենց հետ ունեցան նաեւ լիբանանեան բանակի դրօշակներ եւ պահանջեցին ազատ արձակել արգելափակուած զինուորները, ինչպէս նաեւ պահանջեցին վերաբանալ Նահր Պարետ գաղթակայանի եւ զինուորական Ֆրանսուա Հաժի նահատակութեան առնչուած հետաքննութիւնները:

Նստացոյցն ու ճամբաները ժամեր շարունակ փակ մնացին եւ պատճառեցին երթեւեկի ահաւոր խճողում:

Ցուցարարները պահանջեցին բանակը թիրախ չդարձնել: Անոնք հաստատեցին, որ ոմանք ճամբաները փակած են փողոցայինի մը` Շատի Մաուլաուիի համար, սակայն իրենք այդ ճամբան փակ պիտի պահեն, որովհետեւ երկրին խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը երաշխաւորող բանակին զօրակցութեան համար է, որ կը կ՛առնեն մագլցողական այս քայլերը:

Երեկոյեան ժամը 9:30-ին փակուեցան նաեւ Տըքուանէի, Սին էլ Ֆիլի, Ժեհիթայի եւ Թապարժայի հրապարակները: Ցուցարարները զօրակցեցան Սարպայի ցոյցին:

Գիշերուան ժամը 11:00-էն ետք լիբանանեան բանակին զօրակցողներ եւ բարեկամներ հրկիզուած անիւներով երկու ուղղութեամբ փակեցին Պաթրունի մայրուղին, իսկ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ խումբ մը երիտասարդներ Նահր Իպրահիմի շրջանին մէջ նոյնպէս հրկիզուած անիւներով մէկ ուղղութեամբ փակած են մայրուղին դէպի հիւսիսային Լիբանան:

 

Leave a Reply

Advertisement