Thursday Jun 20, 2013

Քլինթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Առիթ Եւ Անորոշութիւն Կը Տեսնէ

By adminx - Tue Jul 17, 7:36 am

Քլինթըն եւ Փերես` միացեալ մամլոյ ասուլիս

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ այցելեց Իսրայէլ` նշելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ այժմ «անորոշութեան, սակայն նաեւ առիթի ժամանակաշրջան է»: Ան ըսաւ, որ  Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ պէտք է «միասին մտածեն, միասին գործեն» եւ «խելացի, հնարամիտ եւ քաջ» ըլլան:

22 ամիսներու ընթացքին իր առաջին այցելութեան ընթացքին Քլինթըն հանդիպումներ ունեցաւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի, արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի, վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաքի հետ: Ան անոնց ներկայացուց Եգիպտոսի նոր նախագահին հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:

Փերես խօսելով Եգիպտոսի մասին յայտնեց, որ Իսրայէլ կը յարգէ ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ պիտի շարունակէ խաղաղութեան կողքին ըլլալ:

Leave a Reply

Advertisement