«Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ Ժընեւի Համաձայնութեան Վրայ Չհիմնուած Որոշումի Մը Որդեգրումը Պիտի Չարտօնենք» Ըսաւ Լաւրով
By adminx - Tue Jul 17, 7:35 am
- 0 Comments
- 51 views
- Tweet
Email
Print
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Անանի հետ իր հանդիպումէն առաջ մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտնեց, որ Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած արեւմտեան բանաձեւը կ՛ուզէ 7-րդ յօդուածը օգտագործել «եւ անոնց կողմէ շանթաժի նշաններ գոյութիւն ունին. մեզի կ՛ըսեն, որ եթէ 7-րդ յօդուածին չհամաձայնինք` դէտերու աշխատանքի երկարաձգման պիտի չհամաձայնին, իսկ այդ շանթաժը պիտի չընդունինք եւ Սուրիոյ մէջ (միջազգային) դէտերու աշխատանքի շարունակման եւ երկարաձգման վրայ կը պնդենք»:
Ան յայտնեց, որ «պէտք է ընդդիմութեան եւ սուրիական վարչակարգին կողմէ միաժամանակ կրակմար հաստատուի: Մենք դէմ ենք Սուրիոյ մէջ պետութիւնը տապալելու որեւէ ուղղուածութեան»:
Լաւրով նշեց, որ արեւմտեան պետութիւնները Ժընեւի ժողովի քննարկումներուն ընթացքին պարկեշտ չէին ու անոնք հապճեպ կերպով համաձայնութեան հակասելու ու անոր իմաստը աղաւաղելու սկսան»` շեշտելով, որ պէտք է Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնել եւ ոչ միայն կառավարութեան:
Ան ըսաւ, որ ճիշդ չէ Ռուսիան եւ Չինաստանը պատասխանատու նկատել եւ ըսել, որ անոնք սուրիական տագնապին գինը պիտի վճարեն` աւելցնելով, որ «հաւասարապէս Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն եւ զինեալ ընդդիմութենէն կը պահանջենք փողոցներէն հեռանալ եւ բախումները դադրեցնել, իսկ Արեւմուտքը միայն Ասատին կոչ կ՛ուղղէ` բռնարարքը դադրեցնելու, եւ ընդդիմութիւնը կը զինէ»:
Լաւրով ընդգծեց, որ «մենք Ասատի չենք զօրակցիր, այլ` Անանի ծրագիրին ու գոյացած համաձայնութեան»` նշելով, որ բոլոր հարցերը պէտք է լուծել համապարփակ երկխօսութեան ճամբով, եւ տագնապի որեւէ կողմ մեկուսացնելու փորձ չի համապատասխաներ Ժընեւի մէջ գոյացած համաձայնութեան: «Մենք մտահոգ ենք Սուրիոյ կացութենէն: Անիկա կը վատթարանայ եւ յարանուանական ճակատումի կը վերածուի: Մենք չենք կրնար քրիստոնեաներու կացութեան գծով աչք խփել, եւ պէտք չէ անտեսել Սուրիոյ կացութեան վրայ ազդող երրորդ ուժը, որ Քայիտան է», ըսաւ ան:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ժընեւի համաձայնութեան վրայ չհիմնուած որոշումի մը որդեգրումը պիտի չարտօնենք»` նշելով, որ Ժընեւի համաձայնութիւնը «միջին լուծում մը կը նկատուի:
«Մենք կը զօրակցինք որեւէ որոշումի, որուն սուրիացի ժողովուրդը կը զօրակցի», ըսաւ ան` նշելով, որ «Ասատ սուրիական վարչակարգի բանագնացը նշանակեց, սակայն սուրիական ընդդիմութիւնը որեւէ բանագնաց չնշանակեց»: Ան ընդգծեց, որ «Ասատ իր պաշտօնէն պիտի չհրաժարի կամ չմեկնի, որովհետեւ սուրիացի ժողովուրդի մէկ մեծ բաժինին զօրակցութիւնը կը վայելէ»:
Ինչ կը վերաբերի վարչակարգէն անջատումներու երեւոյթին, ան ըսաւ, որ «այդպիսի դէպքեր կը պատահին, ոչ մէկ նորութիւն կայ եւ չկայ կախարդական թիւ մը, որ կրնան հոն հասնելով արմատական ձեւով ազդել: Այդ անձերը անջատումի մղելու գրգռութիւն կայ»:
Ընդդիմադիր շրջանակներ երէկ հաղորդեցին, որ նախապէս Լիբանանի մէջ Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետ Ռուսթոմ Ղազալէի ընտանիքը, ներառեալ` կինն ու քոյրը Յորդանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու ճամբար մը հասած են եւ յորդանանեան իշխանութիւններէն քաղաքական ապաստան խնդրած: Ռուսթոմ Ղազալէ հերքեց, թէ իր ընտանիքը Յորդանան փախուստ տուած է:
Նշենք, որ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդէն աղբիւրներ յայտնած են, որ Պիելոռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ֆարուք Թահա վարչակարգէն անջատուած է, ինչ որ Իրաքի մէջ Սուրիոյ դեսպանի անջատումէն ետք մէկ շաբթուան ընթացքին իր տեսակին մէջ երկրորդ դէպքն է: Աղբիւրները միեւնոյն ժամանակ նշեցին, որ վարչակարգը վեց ամիս առաջ զինք պաշտօնազրկած էր եւ հրաւիրած Դամասկոսի մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւն ներկայանալու, սակայն ան հրամանին չէ ենթարկուած եւ իր անջատումը յայտարարած է:
Մինչ այդ, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ վստահեցուց, որ սուրիական բանակը Թրէյմսայի մէջ ծանր զէնքեր չէ օգտագործած: Ան «Ռուսիա Եոմ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ սուրիական իշխանութիւնները կատարելապէս պատրաստ են բռնարարքները դադրեցնելու, սակայն զինեալ խմբաւորումները, որոնք զէնք-զինամթերք եւ ֆինանսական օժանդակութիւն կը ստանան, արտաքին ուժերու հետ իրենց ունեցած կապերուն պատճառով անկարող են որոշում տալու:
Ան ըսաւ, որ «Ֆրանսա Սուրիոյ մէջ քանդիչ դերակատարութիւն կը կատարէ եւ ընդդիմութեան հաղորդակցութեան միջոց տրամադրելով ահաբեկչութեան կ՛աջակցի»: Մըքտատ վստահեցուց, որ «Սուրիոյ քաղաքական լուծումը կախեալ է ամբողջական երկխօսութենէ»` շեշտելով, որ «Ռուսիա սուրիական տագնապը լուծելու անկեղծ ջանքեր կը թափէ»:
Միւս կողմէ, Մարոք երէկ Սուրիոյ դեսպանէն պաշտօնապէս պահանջեց հեռանալ Ռապաթէն: Հակադարձելով մարոքեան քայլին` Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Դամասկոսի մէջ Մարոքի դեսպանը անբաղձալի տարր յայտարարեց:
- 0 Comments
- 51 views
- Tweet
Email
Print




