Տիգրանակերտի Եւ Վանի Մէջ Քրտական Ցոյցերը «Մարտական Գործողութիւններու» Վերածուած Են
By adminx - Tue Jul 17, 7:29 am
- 0 Comments
- 72 views
- Tweet
Email
Print
Կիրակի օր Տիգրանակերտի փողոցները մարտական գործողութիւններու դաշտի վերածուած են: Քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն խորհրդարանական կուսակցութեան մէկ շաբաթ առաջ ուղղուած կոչով հարիւր հազարաւոր քիւրտեր կը պատրաստուէին ցոյց կատարելու` պահանջելու ցկեանս բանտարկուած Ապտիւլլա Օճալանի ազատութիւնը, ինչ որ խորհրդարանական այդ խմբակցութեան քաղաքական բառապաշարին մէջ նոր տարր է: Մինչեւ օրս օգտագործուած քրտական հանրութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, Օճալանին «պարոնով» դիմելու ձեւը օգտագործելու, ցկեանս բանտարկութիւնը տնային կալանքով փոխարինելու յայտարարութիւնները այս անգամ խստացած են եւ ուղղակի կը վերաբերին անոր ազատ արձակման:
Տիգրանակերտի թուրք նահանգապետին կողմէն հանրահաւաքի արտօնութեան մերժումը աւելի լարած էր իրավիճակը: Հազարաւոր ոստիկաններ, զինուորականներ շրջափակած էին քաղաքի կեդրոնական ու ռազմավարական ուղիները: Փակ էին նաեւ Տիգրանակերտ մտնող մայրուղիները եւ արգիլուած էր այլ քաղաքներու բնակիչներու մուտքը այնտեղ: Սակայն ատիկա արգելք չհանդիսացաւ ցուցարարներուն դուրս գալ փողոցներ եւ հակառակ օգտագործուած արցունքաբեր կազին, ջրաշիթերուն` արտայայտել իրենց քաղաքական պահանջները:
Մինչեւ իսկ թրքական մամուլը կ՛արձանագրէ, որ որոշ պահու ոստիկաններուն մօտ արցունքաբեր ռումբերը սպառած էին: Ցուցարարներէն ետ չէին մնար նաեւ երեսփոխանները: Իգտիրէն ընտրուած խորհրդարանական Փերվանէ Պուլտան մինչեւ իսկ ոտքէն վիրաւորուեցաւ: Դէպքէն քիչ ետք այլ գործընկեր մը ոստիկանութիւնը ամբաստանելով յայտնեց, որ անոնք նշանառու կրակոցներով զինք վիրաւորած են:
Ընդհանուր առմամբ, ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած են քսան ցուցարարներ: Ոստիկանութիւնը եւս կը հաղորդէ, որ իր շարքերուն մէջ վիրաւորներ կան: Վիրաւորուած են 79 անձեր, որոնցմէ 23-ը` ոստիկաններ: Ձերբակալուած են 87 անձեր:
Տիգրանակերտէն ոչ պակաս վատ էր վիճակը նաեւ Վանի մէջ, ուր նոյն օրը ռումբի պայթումի պատճառով առնուազն 17 ոստիկան վիրաւորուած էր:
Քիւրտ երեսփոխանները եւ Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր դատապարտած են ոստիկանութեան գործողութիւնները` զանոնք նկատելով «սադրիչ»:
Իսկ հանրահաւաքէն ետք բազմաթիւ թերթեր լոյս տեսած են «Ասիկա` քրտական հարցի լուծման ձեւ» վերնագիրը կրող էջերով: Յատկանշական է, որ բոլորը լաւապէս կը գիտակցէին, որ անպայման բախումներ պիտի ըլլան:
Այս իրադարձութիւնները տեղի կ՛ունենային այն օր, երբ այլ քիւրտ երեսփոխան մը` Լէյլա Զանա հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ` քննարկելու համար քրտական հարցը:
Իսկ Օճալանի ազատ արձակման պահանջով ցոյցէն մէկ օր առաջ Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովի ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիուլէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները զգուշացուցած էր, որ Իմրալի բանտին մէջ ցկեանս բանտարկուած ՔԱԿ-ի ղեկավարը փաստաբաններու հետ հանդիպումէ զրկելը մարդկային իրաւանց խախտում է:
- 0 Comments
- 72 views
- Tweet
Email
Print




