Եգիպտոսի Մէջ Քլինթընի Վրայ Լոլիկներ Ու Կօշիկներ Նետած Են Եւ «Մոնիքա, Մոնիքա» Բացագանչութիւններով Դիմաւորած
By adminx - Tue Jul 17, 7:28 am
- 0 Comments
- 54 views
- Tweet
Email
Print
«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Աղեքսանդրիոյ մէջ 1993-ին փակուած Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսարանի բացումը կատարած է: Այդտեղ անոր վրայ լոլիկներ նետած են:
Միջադէպը տեղի ունեցած է, երբ Քլինթընը տեղափոխող շքախումբը հիւպատոսարանի շէնքին մօտէն իր երթը սկսած է:
Ոստիկանութիւնը չէ յաջողած հեռացնել ամբոխը, որ դժգոհած է «Միացեալ Նահանգներու եւ Իսլամ եղբայրներու պատճառով Եգիպտոսի նախագահի պաշտօնին Մոհամետ Մուրսիի ընտրութենէն: Անոնք Քլինթընի ուղղութեամբ լոլիկներ եւ կoշիկներ նետած են, իսկ մէկը կրցած է ջուրով լեցուն շիշ նետել Քլինթընը տեղափոխող ինքնաշարժին ուղղութեամբ:
Աւելի ուշ եգիպտացիները սկսած են Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընի կնոջ ուղղութեամբ բացագանչել «Մոնիքա, Մոնիքա»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ բողոքի ցոյցին ընթացքին ոչ ոք վիրաւորուած է, հակառակ անոր որ լոլիկներէն մէկը դպած է Քլինթընի ուղեկցող եգիպտացի պաշտօնատարին:
- 0 Comments
- 54 views
- Tweet
Email
Print



