Թուրքիա Միացեալ Նահանգներէն Հետախուզական Օդանաւ Վարձած Է
By adminx - Tue Jul 17, 7:24 am
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդուժը Միացեալ Նահանգներէն երկու տարիով վարձած է օդանաւեր, որոնք կարելիութիւն կ՛ընձեռեն իրական ժամանակի համակարգի մէջ տեղեկութիւն հաղորդել քիւրտ ապստամբներու տեղաշարժերուն վերաբերեալ, նաեւ վերահսկել հեռաձայնային հաղորդակցութեան յաճախականութիւնները, որոնց միջոցով քիւրտերը կը խօսակցին:
Վարձուած հինգ օդանաւերէն մէկը արդէն Թուրքիոյ մէջ է: Վարձուած օդանաւերը «Քինկ Էր 350» տիպի սարքեր են, որոնք կը թռչին ժամական 550 քիլոմեթր արագութեամբ: Նշեալ օդանաւին քաղաքային եւ զինուորական տարբերակները կ՛արտադրուին:
Թուրքիա ունի իսրայէլեան արտադրութիւն եղող «Հերոն» առանց օդաչուի հետախուզական թռչող սարքեր, որոնց հաւաքած տեղեկութիւնները թէեւ ակնթարթօրէն կը հաղորդուին, սակայն միայն տեղական կայաններուն, ուրկէ ալ բաւական ուշացումով կը յղուին սպայակոյտի կեդրոն: Բացի ատկէ, կան նաեւ թեքնիք խնդիրներ, որոնք Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններու վատթարացման պատճառով դժուար կը լուծուին:
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print



