Սփիւռքահայ Լրագրողները Զեկուցումներ Կը Լսեն Թուրքիոյ Եւ Ցեղասպանութեան Մասին
By adminx - Tue Jul 17, 7:18 am
- 0 Comments
- 83 views
- Tweet
Email
Print
Շաբաթ, 14 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած լրագրողներու վերապատրաստութեան դասընթացքին շրջագիծին մէջ, թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեան զեկուցեց հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին:
Ան խօսեցաւ Թուրքիոյ արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան մասին` Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին գծով: Ան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ ընդդիմութեան նախաձեռնած բարեկամութեան նախագիծը միայն հայերուն շահերուն համար չէր, այլ նաեւ կը նպաստէր Թուրքիոյ պատկերին: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ թրքագիտութեան ամպիոնի բացումը եւ անոր գործունէութիւնը:
Երկրորդ բաժինով ցեղասպանագէտ Սուրէն Մանուկեան բացատրեց, որ ինչպէ՞ս ցեղասպանութիւնը պէտք է ներկայացնել օտարներուն, եւ տուաւ օրինակներ, թէ ինչպէ՞ս այդ նիւթը օտարին սրտին մօտիկ ըլլայ: Ան նշեց, որ պէտք է օտարին կատարած աշխատանքներն ալ գնահատել Հայ դատի շրջագիծին մէջ:
Կիրակի եւ երկուշաբթի օրերը իրերայաջորդ հանգիստի օրեր էին: Կիրակի օր լրագրողները նշեցին Վարդավառի տօնը ուրախ մթնոլորտի մէջ, իսկ երկուշաբթի անոնք այցելեցին Սմբատաբերդ, Նորավանք եւ Խոր Վիրապ:
- 0 Comments
- 83 views
- Tweet
Email
Print




