Այնճարի Մէջ Դասախօսութիւն-Զրոյց` Արցախեան Ազատամարտին Մասին
By adminx - Tue Jul 17, 7:13 am
- 0 Comments
- 81 views
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին ուրբաթ, 13 յուլիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց մը Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան բակին մէջ` ներկայութեամբ գիւղի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետին, հոգեւոր հովիւներուն եւ խումբ մը հայրենակիցներու:
Բացման խօսքը արտասանեց Յովհաննէս Խօշեան, որ ներկայացնելէ ետք դասախօս Գեղամ Պաղտասարեանը (Ստեփանակերտի մամլոյ ակումբի նախագահ, Անալիթիքոն վերլուծական հանդէսի գլխաւոր խմբագիր), հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ անոր կենսագրականին եւ տարած ազգային ու հրապարակագրական գործերուն, ապա ան ներկայացուց Արցախի պատմականը` Խորհրդային Միութեան շրջանէն մինչեւ Արցախի դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ տարած յաղթանակները:
Այնուհետեւ ան հրաւիրեց օրուան դասախօսը, որ նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց, Այնճար գտնուելուն համար` մուսալեռցիները նմանցնելով Արցախի հերոս ժողովուրդին, որ ընտրեց պայքարի ուղին, ճշդեց այդ ժողոդուրդին ճակատագիրը եւ փրկութիւնը: Ան աւելցուց, որ եթէ արցախցիները չպայքարէին, ներկայիս գոյութիւն պիտի չունենար Արցախի Հանրապետութիւնը:
Դասախօսը ընդհանրապէս խօսեցաւ արցախեան հերոսամարտին ՀՅԴ-ի ունեցած ներդրումին եւ ներկայիս անոր տարած օժանդակութեան աշխատանքներուն մասին` աւելցնելով, որ Արցախի յաղթանակը չէր ըլլար, եթէ չըլլար Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք եռամիասնութիւնը:
Ան իր խօսքի աւարտին իբրեւ ղարաբաղցի շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախին տրամադրուած նիւթական օժանդակութեան համար` աւելցնելով, որ դրամահաւաքներու կողքին պէտք է նաեւ «գաղափարահաւաքներ» կատարուին եւ կարելիութիւնները օգտագործուին վերականգնելու համար Արցախի տնտեսութիւնն ու քաղաքական ուղեգիծը:
Փակման խօսքը արտասանեց քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան դասախօսին:
- 0 Comments
- 81 views
- Tweet
Email
Print



