Friday May 24, 2013

Ցրացատկ. Առաջին Մետալը` Անկախ Հայաստանի Պատմութեան Մէջ

By adminx - Mon Jul 16, 6:13 am

Երէկ, Աւստրիոյ Կրաց քաղաքին մէջ սկսան աշխարհի 12-րդ ցրացատկի (Ֆինսուիմինկ) ախոյեանութեան պատանիներու եւ երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումները:

Լուրը, որ կը փոխանցէ Armsport.am հայկական մարզական կայքէջը, կը յայտնէ, որ Հայաստանի ցրացատկի ֆետերասիոնի նախագահ Գաբրիէլ Ղազարեան պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով յայտնած է, որ աշտարակացատկի մրցումներուն 403,40 կէտ ապահովելով 3-րդ դիրքը գրաւած եւ պրոնզ մետալի տիրացած է Վլատիմիր Յարութիւնեան: Նշենք, որ Հայաստան այս ախոյեանութեան կը մասնակցի երեք ներկայացուցիչով:

Յարութիւնեանի կատարած այս իրագործումը նկատուեցաւ շատ կարեւոր, որովհետեւ անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ ան յաջողեցաւ դառնալ առաջին մարզիկը, որ այս մարզաձեւին մէջ մետալ կ՛ապահովէ Հայաստանի:

Leave a Reply

Advertisement