Ներկայութեամբ Քաղաքական Անձնաւորութիւններու, Արուեստագէտներու Եւ Լրագրողներու. Պաշտօնական Բացում` Ահլի Նապաթիէ Ակումբին Ֆութպոլի Մարզադաշտին
By adminx - Mon Jul 16, 6:09 am
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print
Շաբաթ, 14 յուլիսին տեղի ունեցաւ Ահլի Նապաթիէի ակումբի ֆութպոլի մարզադաշտին պաշտօնական բացումը Քֆարժոզի շրջանին մէջ` ներկայութեամբ քաղաքական անձնաւորութիւններու, արուեստագէտներու եւ լրագրողներու:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին կը ներկայացնէր երեսփոխան Եասին Ժապեր, ներկայ էին նախարարներ` Ալի Հասան Խալիլ եւ Ալաէտտին Թըրրօ, երեսփոխաններ Ապտել Լաթիֆ Զէյն, Ալի Պեզզի, Հանի Քըպայսի, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, Նապաթիէի քաղաքապետ Ահմետ Քահիլ, այլ քաղաքական անձնաւորութիւններ, բարձրաստիճան զինուորականներ, քաղաքապետութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մարզական լրագրողներ:
Խօսք առին շարք մը անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` Հաշեմ Հայտար, որ ըսաւ, թէ ֆութպոլի այս նոր մարզադաշտով Լիբանան անգամ մը եւս կու գայ ապացուցելու, որ ֆութպոլի մարզով մօտէն հետաքրքրուած է եւ կը փափաքի, որ նորահաս սերունդը լաւ ձեւով կիրարկէ այս մարզաձեւը:
Իր խօսքին վերջին բաժինով ան շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որ մօտէն հետաքրքրուեցաւ այս մարզադաշտով եւ օժանդակեց անոր բացման:
Նշենք, որ այս առիթով տեղի ունեցաւ ֆութպոլի մրցում մը` քաղաքական անձնաւորութիւններու, արուեստագէտներու եւ լրագրողներու միջեւ:
Սակայն նախքան այս մրցումը, տեղի ունեցաւ դաշտին ժապաւէնին հատումը:
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print





