ՀՄԸՄ-ի Անակնկալը` Պաալպեքի Մէջ
By adminx - Mon Jul 16, 6:08 am
- 0 Comments
- 60 views
- Tweet
Email
Print
Պաալպեքի քաղաքապետութիւնը կազմակերպած էր տարեկան տօնակատարութիւն, նուիրուած` Պեքաայի զբօսաշրջութեան: Այս ծիրին մէջ, Պաալպեքի մարզական ակումբը կիրակի, 15 յուլիս 2012-ին կազմակերպած էր 8 քմ. վազքի մրցում մը: Փոքրերուն համար կար 1500 մեթր վազք: 8 քմ վազքը կը հովանաւորէր երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէն: Վազքի մրցումին կը մասնակցէին 1200-էն աւելի երկսեռ մարզիկներ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Յորդանանէն, Պրազիլէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Աւստրալիայէն: Մրցումը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:30-ին` Պաալպեքի աղբիւրին դիմացէն, լիբանանեան բանակին հսկողութեամբ: Մարզիկները խանդավառութեամբ շրջեցան Պաալպեքի փողոցները, եւ մրցումը վերջ գտաւ նոյն վայրին մէջ: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ եւ ներկայութեամբ շրջանի երեսփոխաններու, պետական եւ զինուորական ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան մը:
Լեւոն Թաշճեան որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ-ը, 40 տարեկանէն վեր տարիքային խմբաւորման մէջ հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 40 վայրկեան արդիւնք մը: Ան ստացաւ ոսկիէ մետալ մը ու տիտղոս մը:
Անգամ մը եւս ՀՄԸՄ փաստեց իր փայլուն ներկայութիւնը Պաալպեքի մէջ:
- 0 Comments
- 60 views
- Tweet
Email
Print




