Ըստ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Նախագահներուն Պաքու Խոստացած Է Լեռնային Ղարաբաղի Օդակայանի Քաղաքային Օդանաւերուն Դէմ Ուժի Կիրարկումէն Կամ Ատոր Սպառնալիքէն Հրաժարելու
By adminx - Mon Jul 16, 7:58 am
- 0 Comments
- 105 views
- Tweet
Email
Print
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիք ամփոփած են 10-13 յունիսին Ազրպէյճան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան իրենց կատարած այցելութիւնը` նշելով, որ Ստեփանակերտի օդակայանի բացման առիթով իրենք կողմերէն երաշխիք ստացած են, որ վերջիններս պիտի հրաժարին քաղաքացիական օդանաւերու դէմ ուժի կիրարկումէն կամ ատոր սպառնալիքէն եւ բոլոր հարցերը պիտի լուծեն դիւանագիտական ճամբով:
Համանախագահները վերահաստատած են, որ օդակայանի գործունէութիւնը չի կրնար օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սթաթիւս քոն փոխելու պահանջներուն սատարելու նպատակով եւ կողմերուն կոչ ուղղած են գործելու միջազգային իրաւունքի եւ իրենց տարածքներուն վրայէն կատարուող թռիչքներու վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող ընթացակարգին համաձայն:
Բացի ատկէ, Մինսքի խմբակի համանախագահները կը նշեն, որ Ազրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ իրենց բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին իրենք վերահաստատած են իրենց դիրքորոշումը` Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ:
Համանախագահները նաեւ կը նշեն, որ քննարկած են 18 յունիսին Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումը եւ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են սահմանին վրայ վերջերս տեղի ունեցած միջադէպերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կողմերուն կոչ ուղղած են` խաղաղութեան հասնելու համար քաղաքական կամք ցուցաբերելու` յարգելով 1994-ին կնքուած զինադադարի մասին համաձայնութիւնը:
Որոշ Յառաջընթաց
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները շրջանային այցելութեան ընթացքին քննարկած են բարձր մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները լաւագոյնս իրականացնելու ձեւերը:
«Բանակցութիւններուն մէջ որոշ յառաջընթաց կայ: Մենք քննարկած ենք միջադէպերն ու անոնց պատճառով ծագած հարցերը, ինչ որ շատ կարեւոր նիւթ է: 4-6 յունիսին արձանագրուած են դէպքեր, որոնց իբրեւ հետեւանք` մարդկային զոհեր արձանագրուած են», նշած է Փոփով: Անոր համաձայն, քննարկման նիւթ եղած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն փարիզեան հանդիպումը: «Կը կարծեմ, թէ այս հանդիպումները շարունակական պիտի ըլլան: Նախ մենք առանձին հանդիպում պիտի ունենանք նախարարներուն հետ, այնուհետեւ տեղի պիտի ունենայ նախարարներու դէմ առ դէմ հանդիպումը, այդ քննարկումներուն լոյսին տակ կը ճշդուի նախագահներու մակարդակի հանդիպման կարելիութիւնը», ըսած է ան:
Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռոպըրթ Պրատքէի կարեւոր նկատած է երկու երկիրներու հանդիպման սահմանէն անցնելու նախաձեռնութիւնը: «Կը կարծեմ, որ շատ կարեւոր է այդ մէկը ընել, քանի որ այդպիսով մեր յարգանքը կ՛արտայայտենք զինադադարին նկատմամբ: Մեծապէս մտահոգ ենք զինադադարի դրութեան վերջին խախտումներով եւ մեր կողմէ շփման գիծը անցնիլը ցոյց կու տայ, որ կարելի է զինադադարը պահպանել: Չենք ուզեր, որ այդ գիծը դառնայ շրջանի երկիրները մնայուն կերպով իրարմէ բաժնող գիծ, այդպէս պէտք չէ ըլլայ ապագան», ընդգծած է ան:
Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումին ընթացքին համանախագահները ներկայացուցին Պաքուի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները: Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկային նախատեսուող հանդիպումներուն ժամանակացոյցին:
Յատկանշական իրագործում մը կարելի է նկատել այն, որ Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանի բացման ծրագիրին վերաբերեալ համանախագահները կողմերէն հաւաստիացումներ ստացած են, որ քաղաքային օդանաւերու նկատմամբ ուժ պիտի չկիրարկուի: Այսուհանդերձ համանախագահները վերահաստատած են, որ օդակայանի գործունէութիւնը չի բերեր Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի փոփոխութեան:
- 0 Comments
- 105 views
- Tweet
Email
Print



