Thursday May 23, 2013

Քուրայի Մասնակի Ընտրութիւնները Տեղի Ունեցան Ժողովրդավարական Մթնոլորտի Մէջ

By adminx - Mon Jul 16, 7:50 am

Ուալիտ Ազար եւ Ֆատի Քարամ

Նախկին երեսփոխան Ֆարիտ Հապիպի մահով թափուր մնացած խորհրդարանական աթոռին համար երէկ Քուրայի մէջ տեղի ունեցան երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ, որոնք ընթացան ժողովրդավարական մթնոլորտի մէջ, առանց որեւէ ապահովական միջադէպի:

Երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն մրցակցութիւնը հիմնական երկու թեկնածուներու միջեւ եղաւ: Այդ թեկնածուներն էին Ղովմի կուսակցութեան թեկնածու Ուալիտ Ազար եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածու Ֆատի Քարամ:

Առաւօտեան ժամը 8:00-ին Քուրայի տարբեր շրջաններուն մէջ 128 քուէակեդրոնները բացուեցան եւ մեծ թիւով քաղաքացիներ մասնակցեցան ընտրութիւններուն:

Քուէարկութեան թափը դանդաղեցաւ կէսօրուան ժամերուն, սակայն յետմիջօրէին անիկա անգամ մը աշխուժացաւ եւ այդպէս ընթացաւ մինչեւ քուէատուփերու փակման ժամը` երեկոյեան ժամը 7:00:

Ըստ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի, քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը հասաւ 47 առ հարիւրի, ինչ որ, ըստ իրեն, շատ լաւ գնահատուող համեմատութիւն մըն է` մասնակի ընտրութիւններու համար:

Երեկոյեան շուրջ ժամը 9:00-ին նախնական եւ անպաշտօն արդիւնքները յստակացան եւ ցոյց տուին, որ Ֆատի Քարամ յաղթանակ արձանագրած է:

Ըստ անպաշտօն արդիւնքներուն, Քարամ ստացած է 12,561 քուէ, իսկ Ազար` 11,442 քուէ:

Բայց եւ այնպէս, ներքին գործոց նախարարութիւնը այսօր կէսօրէ առաջ պիտի յայտարարէ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց, որ Քուրայի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւնները ըլլան երկրին ժողովրդավարութիւնը ամրապնդող առիթ մը: Ան յոյս յայտնեց, որ ընտրութիւնները ընթանան հանդարտութեամբ,  խաղաղութեամբ եւ քաղաքակիրթ կերպով:

Ընտրութիւններուն աւարտին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շնորհաւորեց Քուրայի բնակչութիւնը, ներքին գործոց նախարարութիւնն ու ապահովական ուժերը` Քուրայի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ ընտրութիւններուն առիթով:

Միքաթի յայտնեց, որ ինչ ալ ըլլայ ընտրութիւններուն արդիւնքը` ժողովրդավարութիւնն է, որ ապահոված է առաջին յաղթանակը:

«Քուրայի ընտրութիւնները ցոյց կու տան, թէ լիբանանցին որքա՛ն կառչած է ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ հանդուրժողականութեան սկզբունքներուն, հակառակ քաղաքական տարբերութիւններուն», ըսաւ Միքաթի:

Նշենք, որ ներքին գործոց նախարարը երկու անգամ այցելեց Քոսպա, ինչպէս նաեւ Ամիուն եւ Քուրայի այլ շրջանները եւ հետեւեցաւ քուէարկութեան ընթացքին, որ հեզասահ կ՛ընթանար առանց որեւէ դժուարութիւններու: Այս ծիրին մէջ Շարպել աւելցուց, որ թէեւ շատ կը խօսուի ընտրական կաշառքին մասին, «սակայն ներքին գործոց նախարարութիւնը ոչ մէկ շօշափելի բողոք ստացաւ այդ իմաստով, որպէսզի անհրաժեշտ օրինական եւ դատական միջոցներուն դիմէ», ըսաւ ան:

Շարպել շեշտեց, որ այդ ընտրութիւններուն ապահովութիւնը կը պարտինք երկրին ապահովական կառոյցներուն, որոնք կը հսկեն երկրին եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան:

Նշենք, որ Շարպել Քոսպայի մէջ այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի բնակարանը, իսկ Անֆէի մէջ ան այցելեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի բնակարանը:

Նախարար Ֆայեզ Ղոսըն կը քուէարկէ

Ղոսըն Քոսպայի մէջ քուէարկելէ ետք յայտնեց, որ Քուրայի մէջ ընտրութիւնները ցոյց կու տան անոր բնակչութեան քաղաքակիրթ ըլլալը եւ ազգային համերաշխութեան նկատմամբ անոր հաւատքը:

Ղոսըն ընդգծեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ընտրական կաշառքի դրութեան դիմած են Քուրայի մէջ` աւելցնելով, որ քաղաքական նպատակներու համար գումարներ ծախսելու մշակոյթը կ՛այլանդակէ երկրին քաղաքական կեանքը:

Իր կարգին, Մքարի ընդգծեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածու Ֆատի Քարամ պիտի յաղթէ` նկատել տալով միաժամանակ, որ հակառակորդ քաղաքական կողմն է, որ քաղաքական կաշառք կը ստանայ:

Ամիունի մէջ քուէարկելու ընթացքին Ուալիտ Ազար շեշտեց, որ հակառակ տիրող ժողովրդավարական եւ խաղաղ մթնոլորտին, Քուրայի ընտրութիւնները կատարեալ ժողովրդավարութեամբ չեն ընթանար:

Իր կարգին, Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Քուրայի մէջ ընտրապայքարը քաղաքական բնոյթ ունի: Ան ինքնավստահութեամբ յայտարարեց, որ ինք պիտի ըլլայ յաղթականը:

Քուէարկելէ ետք Քարամ այցելեց հանգուցեալ երեսփոխան Ֆարիտ Հապիպի դամբարանը:

 

Leave a Reply

Advertisement