Նախագահ Սլէյման Մար Շարպելի Տօնին Առիթով Մասնակցեցաւ Աննայի Պատարագին
By adminx - Mon Jul 16, 7:49 am
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print
Մար Շարպելի տօնին առիթով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ուղղուեցաւ Աննայա, ուր ներկայ գտնուեցաւ Մար Մարոնի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին:
Պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա, նախարարներ Նազեմ Խուրի եւ Ժըպրան Պասիլ, երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա, Ուալիտ Խուրի, Ապպաս Հաշեմ, Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:
Պատարագին նախագահեց Մարոնի միաբանութեան նախագահ Հայր Թաննուս Նաամէ, որ շեշտեց, թէ իրենք կ՛աղօթեն առ Աստուած, որպէսզի Լիբանանի նախագահը կարենայ երկիրը առաջնորդել դէպի խաղաղութեան ու հանգստութեան նաւահանգիստը:
Նախագահ Սլէյմանի Այցելուները
Նշենք, որ շաբաթավերջին նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիպիոյ արդարութեան նախարար Ալի Ահմատիէ Աշուր Շաապանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան-լիպիական գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
Քննարկուեցան նաեւ շարք մը միացեալ թղթածրարներ, որոնք կարիքը ունին հետեւողական խորհրդակցութեան:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ֆրանսացի երեսփոխան Ալեն Մարսօ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի:
Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Խալտուն Շերիֆ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն իրավիճակը:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Քոլոմպիոյ դեսպան Ռիտա Մարիեթ Խուրի Սալամէ, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
- 0 Comments
- 22 views
- Tweet
Email
Print





