Friday May 24, 2013

Բանակայինները Կրկին Բանտարկելու Քայլը Կ՛Արժանանայ Ողջոյնի Եւ Կը Հակադարձուի Բողոքի Այլ Նստացոյցով

By adminx - Mon Jul 16, 7:45 am

Աքքարի կրօնաւորներէն շէյխ Ապտել Ուահետի եւ անոր կրօնաւոր ընկերակիցին` Մոհամետ Հիւսէյն Մերհեպի սպանութեան առիթով ազատ արձակուած լիբանանեան բանակի զինուորները դարձեալ բանտարկելու որոշումին իբրեւ արդիւնք թրքաբնակ Պիրէ գիւղին բնակիչները վերջ տուին Մունժեզ գիւղաքաղաքի մուտքին իրենց յայտարարած նստացոյցին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, որ ամէն ջանք ի գործ դրած է լուծելու այդ թղթածրարը:

Իրենց կարգին, նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրի եւ Ֆուատ Սինիորա ողջունեցին այդ որոշումը` աւելցնելով, որ այդ քայլը կը վերահաստատէ լիբանանեան բանակին նկատմամբ նահատակներու ընտանիքներուն վստահութիւնը:

Միւս կողմէ, Քուէյխաթի ոճիրին յանցանքով լիբանանեան բանակին մաս կազմող երեք զինուորները վերստին բանտարկելու որոշումին դէմ բողոքի նստացոյց մը կատարեցին արգելափակեալ զինուորներուն ընտանիքները, որոնք փակեցին Աքքարի Ապտէ շրջանի ճամբան:

Leave a Reply

Advertisement