Կիպրոսի Ոստիկանութիւնը Կը Ձերբակալէ Լիբանանցի Մը
By adminx - Mon Jul 16, 7:45 am
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print
Կիպրական տեղեկատու աղբիւրներ, ինչպէս նաեւ «Ռիա Նովոսթի» ռուսական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Կիպրոսի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է լիբանանցի երիտասարդ մը, որ կասկածելի էր Կիպրոսի մէջ գտնուող իսրայէլացի զբօսաշրջիկներու դէմ ահաբեկչական գործողութիւն մը գործադրելու ծրագիր ունենալուն համար:
Ձերբակալեալ լիբանանցի երիտասարդը կը կրէ շուէտական անձնագիր եւ տակաւին կ՛ենթարկուի կիպրական դատական իշխանութիւններուն հարցաքննութեան:
Այս դէպքին անդրադառնալով` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ կասկածելի երիտասարդը Հըզպալլայի անդամ է` աւելցնելով, որ ահաբեկչական այդ գործողութեան ետին կը գտնուի Իրանը:
ՄԻՒՍ կողմէ, քանատական «Տը կլոպ էնտ մայլ», օրաթերթին համաձայն, 2011 մայիսին Մոնրէալի օդակայանին մէջ ձերբակալուած է լիբանանցի կին մը` Մունա Տիապ, որուն մօտ գտնուած է «Էյ. Ար. 15» տիպի գնդացիրի մը պատկանող կտոր մը: Մունա Տիապ ամբաստանուած է զէնքի եւ գնդացիրներու տարբեր կտորներ մաքսանենգելու եւ զանոնք Հըզպալլայի յանձնելու յանցանքով:
- 0 Comments
- 25 views
- Tweet
Email
Print



