Անան Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելէ
By adminx - Mon Jul 16, 7:31 am
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան այսօր Մոսկուա պիտի այցելէ, իսկ վաղը հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
«Յաջորդ հանդիպումին ընթացքին Ռուսիա անգամ մը եւս աջակցութիւն պիտի յայտնէ Քոֆի Անանի խաղաղութեան ծրագիրին եւ պիտի ընդգծէ Սուրիոյ ճգնաժամի` դիւանագիտական լուծման անհրաժեշտութիւնը: Ռուսական կողմը կը կարծէ, որ Անանի նախագիծը միակ կենսունակ ծրագիրն է` Սուրիոյ ներքին հարցերուն լուծման համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ Անան այսօր Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Մինչ այդ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանի արաբերէն ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին վստահեցուց, որ «Իրան պատրաստ է սուրիական ընդդիմութիւնը Թեհրան հրաւիրելու` սուրիական իշխանութեանց հետ երկխօսութիւն կատարելու համար»: Ան չնշեց, թէ իրանեան հրաւէրը կը ներառէ նաեւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները:
Սալեհի Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ Իրանի կեցուածքը վերահաստատելով աւելցուց, որ «մենք կը կարծենք, որ սուրիական հարցին լուծումը պէտք է սուրիական ըլլայ»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի յայտարարեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ երեկոյեան Թրէյմսա գիւղին մէջ պատահած ջարդին շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղած Անանի «հապճեպ» նամակին պատասխան նամակ մը գրած է:
Մաքտիսի յայտնեց, որ Թրէյմսայի մէջ ահաբեկչական որջերու գոյութիւնը սուրիական կանոնաւոր բանակը մղած է գիւղ մտնելու` շեշտելով, որ Թրէյմսայի մէջ օդային պաշտպանութեան կարելիութիւնները չեն օգտագործուած:
«Թրէյմսայի մէջ ծանր զէնքերու օգտագործման մասին ըսուած բոլոր խօսքերը անճիշդ են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Թէյմսայի բախումներուն ընթացքին միայն թեթեւ զէնքեր օգտագործեցինք»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը բացատրեց, որ այն, ինչ որ Թրէյմսայի մէջ պատահեցաւ, ջարդ չէ, այլ կանոնաւոր բանակին եւ լաւապէս զինուած ուժերու միջեւ զինուորական գործողութիւն մըն էր:
«Թրէյմսայի մէջ սպաննուածները 37 զինեալներ եւ 2 քաղաքայիններ են», ըսաւ ան` նշելով, որ «միջազգային դէտերը պաշտպանելը մեր պարտաւորութիւնն է, սակայն տաք շրջաններ մուտք գործելը իրենց պատասխանատուութիւնը կ՛ըլլայ»:
Նշենք, որ ընդդիմադիր աղբիւրներ եւ միջազգային լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ Թրէյմսայի մէջ տեղի ունեցած է ջարդ մը, որուն զոհ գացած են 150, 200 կամ 220 քաղաքայիններ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտարարեց, որ Թրէյմսայի մէջ տեղի ունեցածը կը նկատուի «անմարդկային սպանդ» մը` շեշտելով, որ սուրիական վարչակարգը «ուշ կամ կանուխ» պիտի տապալի:
«Սուրիոյ վերաբերեալ ըսուելիք բան չմնաց: Այս անմարդկային սպանդը եւ բնաջնջումի փորձը պարզապէս այդ վարչակարգին հեռացումը մարգարէացնող ցուցանիշեր են», ըսաւ ան եւ խօսքը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ուղղելով աւելցուց. «Բոլոր բռնատէրերը վախկոտներ են: Բոլոր բռնատէրերը դաժան են… ուշ կամ կանուխ պիտի հեռանան եւ սուրիացի ժողովուրդը պիտի պահանջէ զանոնք հաշուետուութեան ենթարկել»:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ շաբաթ օր իր կարգին յայտնեց, որ ժամանակը տակաւին Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի մը յառաջացումէն խուսափիլ կ՛արտօնէ` նշելով, որ այդպիսի զարգացում մը այդ երկրին համար «յոռեգոյն» զարգացումը պիտի ըլլայ:
Ան Ֆրանսայի ազգային տօնին առիթով ֆրանսական երեք պատկերասփիւռի կայաններու հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին աւելցուց, որ Ռուսիա եւ Չինաստան արգելք կը հանդիսանան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու դադրեցման համար լուծումի մը ձգտող որեւէ որոշումի: «Այդ մէկը ըսի Փութինին, որ բուռն կերպով կառչած է Սուրիան իր երկրին մօտիկ պահելու, որովհետեւ առեւտրական եւ պատմական յարաբերութիւններ գոյութիւն ունին, եւ ես զանոնք կը յարգեմ», ըսաւ Հոլլանտ` աւելցնելով, որ «իրեն ըսի, որ յոռեգոյնը Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազն է, ուստի ձգտեցէք, որ քաղաքացիական պատերազմը արգիլող քաղաքական կեցուածք մը գտնուի, տակաւին առիթը յարմար է, աւելի քան յարմար»:
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print




