Wednesday Jun 19, 2013

Կիպրոս Թուրքիոյ Դէմ Բողոք Կը Ներկայացնէ ՄԱԿ-ին

By adminx - Mon Jul 16, 7:29 am

«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիպրոս ՄԱԿ-ին դիմած է` բողոքելով կղզիի հարաւային ափին Թուրքիոյ կողմէ տեղի ունեցող ռազմափորձերուն դէմ:

Կիպրոսի կառավարութեան բանբեր Սթեֆանոս Սթեֆանու ըսած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչեւ իսկ չեն հաճած կիպրական իշխանութեանց տեղեակ պահել, որ կը պատրաստուին ռազմափորձեր կատարելու Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտին նկատուող տարածքին մէջ:

Ան աւելցուցած է, որ Միջերկրական ծովուն արեւելեան հատուածին մէջ ռազմափորձեր կը կատարեն Բրիտանիան եւ Իսրայէլը, սակայն ի տարբերութիւն Թուրքիոյ, այդ պետութիւնները Կիպրոսի կառավարութենէն արտօնութիւն ստացած են` միջազգային արժեչափերուն համապատասխան:

Թուրքիա անցեալ հինգշաբթի օր սկսաւ ռազմափորձերու, որոնք տեղի կ՛ունենան այն տարածքին մէջ, ուր անցեալ տարուան վերջաւորութեան ամերիկեան «Նոպըլ էներճի» ընկերութիւնը փորձառական հորեր բացած էր եւ բնական կազ յայտնաբերած:

 

 

Leave a Reply

Advertisement