Thursday May 23, 2013

Արաֆաթի Ընտանիքը Իսրայէլը Կ՛ամբաստանէ Փոլոնիում Շողարձակ Նիւթով Զինք Սպաննելու Յանցանքով

By adminx - Mon Jul 16, 7:28 am

Եասեր Արաֆաթ

«Եասեր Արաֆաթ» հիմնարկի նախագահ Նասեր Քիտուա յայտնեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախկին նախագահ Եասեր Արաֆաթի ընտանիքն ու իր անուան հիմնարկը Իսրայէլը կ՛ամբաստանեն Փոլոնիում շողարձակ նիւթով զինք սպաննելու յանցանքով:

Արաֆաթի քրոջ տղան եղող Քիտուա ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «մենք Իսրայէլը կ՛ամբաստանենք այս մահաբեր նիւթով Արաֆաթը սպաննելու յանցանքով եւ կը պահանջենք անոր ահաբեկման պատասխանատուները դատել ու հաշուետուութեան ենթարկել, ինչպէս նաեւ դատել ահաբեկումը կատարողը»:

Ան նշեց, որ հիմնարկը որոշած է ֆրանսական բժշկական տեղեկագիրը յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին ամբողջութեամբ հրապարակել»` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն են ի պահանջել հարկին Արաֆաթի դիազննումին:

Leave a Reply

Advertisement