Միացեալ Նահանգներ Արաբական Ծոցին Մէջ Ստորջրեայ Հետախուզական Սարքեր Կը Տեղակայեն
By adminx - Mon Jul 16, 7:24 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
«Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նաւատորմը սկսած է Արաբական ծոցին մէջ տեղակայել ստորջրեայ հեռակառավարուող հետախուզական սարքեր, որոնք կրնան ոչնչացնել ծովային ականները:
Գերմանական արտադրութիւն եղող 1.2 մեթր երկարութեամբ «ՍիՖոքս» սարքերը զինուած են տեսախցիկներով եւ տեղորոշիչ համակարգով: Սարքերուն մատակարարումը սկսած է Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ «5+1»-ի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները փակուղի մտնելէն ետք:
Նշեալ սարքերուն տեղակայումը կը կատարուի Իրանի կողմէ ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Հորմուզի նեղուցին փակումը կանխարգիլելու համար:
Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգները մտավախութիւն ունին, որ Իրան կրնայ հակադարձել Արեւմուտքի եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ կիրարկուող պատժամիջոցներուն` յարձակումներ գործելով նեղուցին մէջ գտնուող քարիւղատար նաւերուն վրայ:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print




