ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Մարզական Օր
By adminx - Mon Jul 16, 7:17 am
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, երէկ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Մարզական օր» մը, որուն մասնակցեցան տարբեր շրջաններու երէց պատանեկան միութիւնները:
Մարզական օրը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին եւ ընդգրկեց հիմնական հինգ խաղեր, որոնք են` մինի ֆութպոլ, ճատրակ, փինկ փոնկ, նշանառութիւն եւ բազկամարտ:
Մարզական օրուան մասնակցեցան «Զաւարեան», «Նաւասարդեան», «Աղբալեան», «Կոմս», «Ռոստոմ», «Արմէն Գարօ», «Յառաջ», «Գ. Նժդեհ», «Քրիստափոր» եւ «Մուրատ» պատանեկան միութիւնները:
Առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00 տասը մասնաճիւղերէ ներկայացած աւելի քան հարիւր պատանիներ ուրախ մթնոլորտի մէջ մասնակցեցան վերոնշեալ խաղերուն եւ մարզական ոգիով տարին թէ՛ յաղթանակը եւ թէ՛ պարտութիւնը:
Նկատի ունենալով, որ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Մարզական օրը կը զուգադիպէր Վարդավառի տօնին, պատանիները թրջուեցան ջուրով լեցուն փուչիկներով:
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print



