Յուշատետր. Ծով, Ծով
By adminx - Mon Jul 16, 5:42 am
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print
Ռ. Հ.
Ուրիշ անգամ ըսած եմ, դարձեալ պիտի ըսեմ, որ պաշտելու աստիճան կը սիրեմ ծովը, թէ` ես տարբեր զգայնութիւններու կը յանձնուիմ ամէն անգամ, որ ծովու տեսարան մը կը դիտեմ:
Գիտեմ, որ ընթերցողը կրնայ հիմա վրաս խնդալ` այս տողերը կարդալով. գիտեմ, որ ընթերցողը կրնայ ուս թօթուել ու ըսել.
- Մեզի ի՞նչ` եթէ ծովը շատ կը սիրես:
Կամ
- Ամէն մարդ կը սիրէ նայիլ ծովային տեսարանի մը:
Կամ.
- Ծովը գեղեցիկ է, բայց դաշտերն ալ գեղեցիկ են, լեռներն ալ գեղեցիկ են, ծաղիկներն ալ գեղեցիկ են: Ամբողջ բնութիւնը գեղեցիկ է:
Հարկաւ: Ամբողջ բնութիւնը գեղեցիկ է, երբ… գեղեցիկ է: Ինչպէս որ ծովը գեղեցիկ է, երբ… գեղեցիկ է, որովհետեւ ինչպէս բնութեան բոլոր տարրերը, այդպէս նաեւ ծովը երբեմն կը խանգարուի, երբեմն կատաղի կը դառնայ. կը կորսնցնէ իր սովորական հանդարտ գեղեցկութիւնը: Ուստի բնութիւնը գեղեցիկ է, երբ հագած է գեղեցկութեան իր պատմուճանը: Գիտեմ: Այնուհանդերձ, ծովը միւսներէն տարբեր բան է ինծի համար: Դաշտերէն, լեռներէն, մէկ հորիզոնէն դէպի միւսը հորիզոնը գացող անծայրածիր հողէն ու ծաղիկէն տարբեր բան մը: Ամէն անգամ որ ես ինծի կը հարցնեմ, թէ ինչո՞ւ ես այսքան կը սիրեմ ծովը, կամ ամէն անգամ որ ես ինծի հարցնել կը սկսիմ, որ ե՞րբ այսքան սիրել սկսայ ծովը, կը պատասխանեմ, որ ասիկա կարծես սկիզբ չունի: Երբ մանուկ էի, տասը տարեկան, տասնհինգ տարեկան, կամ տասնվեց, արդէն պաշտելու չափ կը սիրէի ծովը, այն ծովը, որ ամառը զիս ամէն օր կը գրկէր Սուտտիյէէն մինչեւ Ճատտէպոսթան երկարող գծի մը վրայ: Աւելի վերջ, երբ չափահաս դարձայ, դարձեալ նոյն ծովուն դիմաց է, որ կը նստէի ու ծխամորճս կը վառէի, որպէսզի ծովուն նայելով` գլխուս մէջ ստեղծէի գրականութիւն, կամ մտածէի կեանքի խորհուրդներուն մասին: Ո՜վ գիտէ` որքա՛ն երկար ժամանակ իմ ծխամորճիս մուխերը գացին խառնուիլ ծովուն, ո՜վ գիտէ` որքա՛ն երկար ժամանակ իմ մտածումներս խմորուեցան ծովէն հասնող մրմունջներով: Ամէն անգամ որ կը յիշեմ այդ օրերը, ես կը մտածեմ, որ ծովը հոգիէս ներս մտած էր, երբ ես տակաւին խօսիլ ու մտածել իսկ չէի գիտեր: Միայն հիւանդութիւնը չէ, միայն վնասակար ու վտանգաւոր մանրէներն ու ժահրերը չեն, որ կը մտնեն մեր մարմնէն ներս, հոնկէ ներս կը մտնեն նաեւ սէրեր, խանդավառութիւններ, պաշտամունքներ, որոնք պիտի գործեն ամբողջ կեանքի մը համար, որոնք մարդը իրենց ազդեցութեան տակ պիտի պահեն մինչեւ մահ: Քանի՞ տարեկան անգիտակից երեխայ էի, երբ օր մը ծովը մտաւ հոգիէս ներս ու նստաւ հոն:
Ըսած եմ ու նորէն պիտի ըսեմ: Չի պատահիր, որ գիշերը անկողին մտնեմ` առանց անգամ մը ակնարկ մը դարձնելու դէպի ծովը: Կը նայիմ ծովուն ու անկէ վերջ է, որ կը պառկիմ, անկէ վերջ է, որ հրաժեշտ կ՛առնեմ ապրուած օրէն: Ծովը հոն է, գիտեմ եւ գիտեմ, որ ան դարձեալ հոն պիտի ըլլայ, երբ ես իմ աչքերս պիտի բանամ յաջորդ առաւօտ: Առաջին գործս պիտի ըլլայ պատուհանին մօտենալ ու նայիլ: Ողջունել: Ծովը հոն է:
Գիտեմ տակաւին, որ աշխարհի վրայ կան մարդիկ, որոնց համար ծովը որեւէ նշանակութիւն չունի: Լսած եմ, որ ատենօք մարդիկ կը նստէին ծովուն կռնակ դարձնելով, որովհետեւ անոնց համար հողը աւելի կարեւոր ու հետաքրքրական էր, քան թէ ծովը: Լսած եմ, որ ատենօք մարդիկ իրենց բնակարանին դէպի ծով նայող պատին վրայ պատուհան չէին շիներ: Ձկնորսի մը համար ծովը կրնա՞յ ունենալ այն նշանակութիւնը, որ ան ունի ինծի համար: Ծովը ձկնորսին համար շահու աղբիւր է, նաեւ` պայքարի դաշտ, վտանգներու փոս, փոթորիկ կամ ամեհի ալիք: Ծովը ձկնորսին համար ա՛յն է, որուն հետ ան իր գործը պէտք է ժամ առաջ ողջմամբ աւարտէ ու տուն դառնայ: Կրնամ ենթադրել, որ երկար ժամերու չարքաշ աշխատանքէ վերջ ձկնորսը, երբ տուն պիտի վերադառնայ, անգամ մըն ալ մտածել պիտի չուզէ ծովուն մասին: Իրեն համար ծովը լմնցաւ: Մինչեւ յաջորդ անգամ: Մինչեւ յաջորդ պարտականութիւն:
Տարիներ առաջ մեր մերձակայ բլուրներէն մէկուն վրայ կար տուն մը, որ թառած էր բլուրին կողին ու վերէն կը նայէր դէպի ծով: Ամէն անգամ որ կ՛անցնէի հոնկէ, երանի կու տայի այդ բնակարանին տիրոջ, որովհետեւ ծովային հրաշալի տեսարան ունէր ան: Կը ջանայի երեւակայել, թէ ի՞նչ կը զգար արդեօք այդ բնակարանին տէրը, երբ ամառնային գեղեցիկ օդով կը բանար պատշգամին դռները ու կը նայէր դէպի ծով: Օր մըն ալ, երբ հոնկէ կ՛անցնէի, զարմանքով տեսայ, որ այդ տան ճիշդ առջեւ ուրիշ շէնք մը կառուցուած էր: Հին շէնքը մնացած էր անոր շէնքին ետին, հին շէնքը հիմա չէր կրնար տեսնել այլեւս ծովը: Նոր շէնքն էր, որ կը նայէր ծովուն: Ահաւոր ցաւ մը զգացի հին շէնքին տիրոջը նկատմամբ: Դարձեալ ջանացի երեւակայել, թէ այդ բնակարանին տէրը հիմա ի՞նչ կը զգար, երբ ամառնային գեղեցիկ օդով կը բանար պատշգամին դուռը ու կը նայէր դէպի ո՛չ թէ ծովը, այլ իր դիմացը բարձրացած այդ անկոչ շէնքը:
Դեռ կը յիշեմ այն բարեկամս, որ ծովեզերեայ շրջանի մը ափին վրայ շատ գեղեցիկ շէնք մը ունէր: Քանի մը անգամ գացած էի հոն ու նստած էի պատշգամը: Դիմացը ծով էր, միայն ծով, անծայրածիր ծով, ծով իր ամէնօրեայ խաղերով ու հրաշալի տեսարաններով:
- Ի՜նչ լաւ տեսարան ունիս,- ըսած էի բարեկամիս,
Բարեկամս նայած էր աչքերուս մէջ:
- Ծո՛վ, ծո՛վ, ուրիշ բան չկայ, մինչեւ գիշեր ծովուն նայէ՛, պատասխանած էր դժգոհ մարդու շեշտով:
Ես շատ զարմացած էի:
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print



