Friday May 24, 2013

33 Շրջանաւարտներ Կը Կազմեն Ազգ. Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճի «Հայ Գիրքի Տարուան» Հունձքը

By adminx - Mon Jul 16, 5:37 am

Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի «Հայ գիրքի տարուան» հունձքը կազմեցին 33 շրջանաւարտներ, որոնք երկրորդականի իրենց վկայականներուն արժանացան շաբաթ, 7 յուլիսի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կատարուած հանդիսութեան մը ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, քոլեճին խնամակալներ, բարեկամներ, բարերարներ եւ ստուար թիւով ծնողներ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց շրջանաւարտ Մեղեդի Պուտագեան:

Օրուան գեղարուեստական յայտագիրը` «Հայաստան լոյսի երկիր» թեմայով, նուիրուած էր Երեւանի համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք հռչակման եւ «Հայ գիրքի տարուան» զոյգ առիթներուն: Քարի երկիր, լոյսի երկիր, գիրի եւ գիրքի երկիր Հայաստանին նուիրուած արտասանութիւններով հանդէս եկան եռագոյն տարազներով բեմը ծաղկեցուցած շրջանաւարտները: Անոնց արտասանութիւններուն ընկերացան խմբերգներ` «Քարերի ամրոց», «Իմ անունը Հայաստան է», «Եռագոյն դրօշ», որոնք յատկանշուեցան կատարողական բարձր արուեստով:

Յաջորդեց քոլեճին 2011-2012 տարեշրջանը ներկայացնող տեսերիզին ցուցադրութիւնը, որուն շնորհիւ ներկաները հաղորդակից դարձան Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին անցնող ինը ամիսներու դաստիարակչական, մանկավարժական, ընկերային եւ արտադպրոցական բեղուն գործունէութեան տարբեր երեսներուն:

Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք քոլեճին քայլերգով սրահ մուտք գործեցին շրջանաւարտ սերունդի 33 ներկայացուցիչները, որոնք հաստատ ու ինքնավստահ քայլերով բեմ բարձրանալով` գրաւեցին իրենց յատուկ տեղերը:

Վկայեալ սերունդին ողջերթի խօսք արտասանեց ԺԱ. դասարանի աշակերտուհի Քրիստինա Չպուքճեան, իսկ շրջանաւարտներուն կողմէ հայերէնով ու անգլերէնով հրաժեշտի խօսքեր փոխանցեցին Մարինա Տիարպի եւ Սէրուժ Գուճանեան:

Հանդիսութիւնը ունեցաւ մրցանակաբաշխութեան բաժին: Տնօրէն Վիգէն Աւագեան նախ կատարեց քոլեճին «գերազանց» եւ «շատ լաւ» յիշատակութեան արժանացած աշակերտներուն մրցանակաբաշխումը (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին կողմէ տրամադրուած գիրքեր), ապա ան յատուկ մրցանակներ յանձնեց զանազան դասանիւթերու մէջ փայլուն արդիւնքներ արձանագրած աշակերտ-աշակերտուհիներու: Կատարուեցաւ «Անդրանիկ Ուրֆալեան», «Խաթուն Ուրֆալեան», «Տոքթ. Միսաք Արզումանեան», «Կարօ Պետրոսեան», «Մհեր Ջուլհաճեան», «Ղազար եւ Մարիամ Ղազարեան», «Եղիկ Գայայեան», «Սարգիս Ղազարեան», «Փայլակ եւ Աստղիկ Փանոսեան» եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մրցանակներուն տուչութիւնը:

Տնօրէնութեան խօսքին առաջին բաժինը ներկայացում մը եղաւ քոլեճին անցնող տարուան կրթական յաջողութիւններուն, որմէ ետք տնօրէն Վիգէն Աւագեան շնորհակալութեան եւ երախտիքի խօսք փոխանցեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան հայ աշակերտը հայ վարժարանին մէջ պահելու ազգանուէր ճիգերուն: Տնօրէնը շնորհաւորեց ծնողները իրենց զաւակներու կեանքի նոր հանգրուան թեւակոխման համար եւ իր խօսքին հիմնական մասը յատկացուց շրջանաւարտներուն ուղղուած իր թելադրանքներուն: Ան ըսաւ, որ` «Մեր ժողովուրդը, բոլոր ժամանակներէ աւելի, այսօր` կարիքը ունի տագնապ, պայքար ու ձգտում ունեցող երիտասարդներու: Երիտասարդներ` մարդիկ, որոնք անկեղծ ըլլան, ճշմարիտ ըլլան, եւ իրենց խօսքը իրենց սրտին արձագանգը ըլլայ, ոչ թէ ըլլան կեղծաւորներ, պարզապէս ստուերներ, ոչ թէ մարդ, այլ` մարդու պատրանք: Մարդ, որ արդիւնքէն կը դատենք, ինչպէս ծառը` իր պտուղէն»:

«Մա՛րդ եղէք եւ մարդկային ոչ մէկ բան օտար պիտի թուի ձեզի,- շարունակեց տնօրէնը եւ հարց տուաւ. գիտէ՞ք, թէ մեր մեծ գրագէտ Յակոբ Օշական ի՞նչ կ’ըսէր իր աշակերտներուն. դուք ֆրանսացի ուսանողներ չէք, անգլիացի ուսանողներ չէք, գերմանացի, իտալացի, ռուս, ամերիկացի չէք դուք: Դուք հայ ուսանողներ էք: Եթէ անոնց տասը հազարէն մէկը մարդ ըլլայ, կը բաւէ իրենց: Դուք բոլո՛րդ պարտաւոր էք մարդ ըլլալ, որովհետեւ ձեր ժողովուրդը պէտք ունի բոլորի՛դ»:

Իր խօսքին աւարտին տնօրէն Վիգէն Աւագեան պատգամեց. «Պատմութենէն եկող եւ ապագային գացող ընթացք մը կայ, սիրելի՛ տղաք, որուն պէտք չէ դաւաճանել: Ուրիշը ի՛նչ կ’ընէ կամ չըներ, այդ չէ կարեւորը, այլ մե՛նք ի՞նչ կ’ընենք, ա՛յդ է հրամայականը»:

Տնօրէնութեան խօսքէն ետք կատարուեցաւ վկայականաց բաշխում, որուն աւարտին օրհնութեան եւ փակման խօսք արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան ըսաւ, որ ծնողներ այսօր գոհունակութեան զգացումներով կը նային շրջանաւարտ սերունդին, որ իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ` առողջ կազմաւորում ստացաւ Սոֆիա Յակոբեանի մէջ:

«Այս օրերուն մենք ինքնութեան պայքար կը մղենք Սփիւռքի մէջ,- շեշտեց առաջնորդը,- եւ այդ պայքարին նոր աւիւն կու տան Ազգային վարժարաններէ շրջանաւարտ սերունդները: Նման սերունդներով միայն մենք կրնանք դէմ դնել մեր ժողովուրդին սպառնացող ուծացման եւ այլասերման վտանգներուն»:

Առաջնորդը գնահատեց վկայեալներուն ծնողները եւ յայտնեց, որ յատուկ վկայականներ պէտք է տալ նաեւ անոնց, որովհետեւ անոնք իրենց զաւակներուն հետ դպրոց  գացին, հայ դպրոցը պահեցին եւ յաջողեցան հայութիւնը պահպանելու իրենց քննութեան մէջ:

Վերջապէս, առաջնորդը ընդգծեց, որ քոլեճը անցնող տարուան կրթական իր յաջողութիւններուն հետ ունեցաւ նաեւ այլ յաջողութիւն մը. հայեցի կրթութեան յաջողութիւնը, որ եղաւ հարիւր առ հարիւր: Այլապէս, ուսում եւ կրթութիւն որեւէ դպրոց կու տայ, սակայն հայկական նկարագիր եւ դիմագիծ միայն հայ դպրոցն է, որ կը ջամբէ, ըսաւ ան:

Առաջնորդին պատգամէն ետք, շրջանաւարտները ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները եւ հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ «Վերջին զանգ» երգով:

Քոլեճին 2011-2012 տարեշրջանի հունձքը կազմեցին հետեւեալ վկայեալները.-

ԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

Գանտահարեան Լոռի, Յովհաննէսեան Գարոլ, Պեքերեճեան Ռիթա, Սահակեան Սիւզան, Տօնապետեան Կարինէ, Գուճանեան Սէրուժ, Էֆէեան Ճորճ, Հէօյիւքեան Պետիկ, Պիրինճեան Յովիկ, Տեկիրմենճեան Աբիկ: 

 

ՏՆՏԵՍԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

Գարակէօզեան Դուին, Մազաքեան Նուարդ, Մետետեան Թալին, Յովհաննէսեան Արշօ, Պազարպաշեան Ռոզալին, Տիարպի Մարինա, Անթունեան Սագօ, Քիւսպեքեան Սեդօ:

 

ԱՐՈՒԵՍՏԻՑ ՎԱՐՉԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

Ասմինեան Սարին, Գալայճեան Լալա, Գարագիւլահեան Կարին, Եագուպեան Նայիրի, Թոքմաքճեան Նաթալի, Կրպոյեան Լիւսի, Հաճընլեան Մեղեդի, Շառոյեան Սալբի, Պուտագեան Մեղեդի, Սահակեան Լիանա, Տեմիրճեան Լուսին, Մինասեան Ժոզեֆ, Մկրտիչեան Պօղոս, Չեքմէեան Սեւակ, Պոտրումեան Արցախ-Նժդեհ:

Leave a Reply

Advertisement