Յայտարարութիւններ ( 14 Յուլիս 2012 )
By adminx - Sat Jul 14, 6:00 am
- 0 Comments
- 247 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Սարգիս Քենտիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Իսկուհի Փոլատեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժաք եւ Թամար Փամպուքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սոնա Մախուլեան եւ զաւակունք
Տիկին Քնար Քէօսէեան եւ դուստրը
Արժ. Տ. Արսէն Ա. քհնյ. Քէշիշեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Զարուհի Գոճանեան
Օրդ. Արսինէ Սալիպեան
Քենտիրճեան եւ Քէօսէեան ընտանիքներ
Քերքեզեան եւ Ճընսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Քէօսէեան)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 13 յուլիս 2012-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` շաբաթ, 14 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հանգուցեալին բնակարանը, Այնճար:
—————————————————————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍԵԴՐԱԿ ՃԱՊՐԱՅԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 15 յուլիս 2012-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
ՅՈՎՍԷՓ ՏԱՂԸԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 15 յուլիս 2012-ին, Ֆանարի մատրան մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————————————————————
ՄԻԱՍԻՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵՆՔ
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ
ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Եթէ ձեր ընտանեկան արխիւներուն մէջ ունիք Օսմանեան կայսրութեան հայկական կեանքին վերաբերող հին լուսանկարներ, գիրքեր, ձայնագրութիւններ, յուշագրութիւններ, նամակներ, փաստաթուղթեր, կալւածաթուղթեր (թափու), դպրոցական վկայականներ, ձեր պապենական տունէն որեւէ նշխար, որեւէ յիշողութեան առարկայ, եթէ պատրաստ էք բանաւոր վկայութիւններ տալու անցեալի այս կեանքին մասին, ձեզի առիթ տրուած է անձնապէս հանդիպելու Յուշամատեանի խումբին անդամներուն հետ: Անոնք տեղւոյն վրայ պիտի լուսանկարեն ու վերադարձնեն ձեզի ձեր անձնական նիւթերը, որոնք հետագային տեղ կրնան գտնել կայքէջերուն մէջ:
Վայր.- Պուրճ Համուտ, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական վարժարան:
Շաբաթ, 14 յուլիս 2012, ժամը 10:00-18:00:
—————————————————————————————
ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ-ԿՈՉՆԱԳԻՐ
Ազնուափայլ Տիկին Մարալ Տէր Գէորգեան,
Ազնի՛ւ տիկին,
Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդս, 30 յունիս 2012-ին կայացուցած իր նիստին, որուն դարձեալ ներկայ չգտնուեցաք, զբաղեցաւ ձեր ընտանեկան հարցով:
Սոյն ազդարարագիրով ձեզ կը հրաւիրենք Դատաստանական խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 6 հոկտեմբեր 2012-ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ` պաշտպանելու համար ձեր դատը:
Չներկայանալու պարագային, ձեր բացակայութիւնը ներկայութեան համազօր պիտի նկատուի եւ արձակուի համապատասխան վճիռ:
ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
—————————————————————————————
ԵԿԷՔ, ԳՐԵՆՔ ՈՒ ԵՐԳԵՆՔ
«Վանայ ձայն»-ը իր այս յայտագիրով կը ներկայանայ իր այն ունկնդիրներուն, որոնք օժտուած են երգի բառեր գրելու բնատուր շնորհով: Հետեւաբար, այս նպատակով արեւմտահայերէնով գրուած ձեր գրաւոր փորձերը կրնաք յանձնել «Վանայ ձայն»-ի քարտուղարութեան, մինչեւ 31 յուլիս 2012` անոնց կցելով ձեր հեռաձայնի թիւերը:
Դատական կազմի գնահատումէն ետք ընտըրւած ստեղծագործութիւնը պիտի վերածուի երգի եւ ձայնագրուի, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլան այլ պարգեւներ:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ծանուցումներու գրասենեակ մը կարիքը ունի երկսեռ ներկայացուցիչներու, արաբերէն գիտնալը` պայման, լաւ շահաբաժին, ինքնաշարժ ունենալը` պայման:
Հետաքրքրուղները կրնան «Սի. Վի.»-ն ղրկել az-adver@yahoo.com
—————————————————————————————
ԱՇՃԵԱՆ ԹՈՒՐԶ
Բացառիկ շրջապտոյտներ դէպի Հայաստան,
Արցախ, Արեւմըտեան Հայաստան եւ այլ պտոյտներ:
Ա.- 7-15 սեպտեմբեր Երեւան եւ Ծաղկաձոր, լման պտոյտներով, նախաճաշ եւ ընթրիք + վիզաները + տուրքերը, 4 աստղանի շքեղ պանդոկ, 1250 տոլար, ելոյթ մը եւ պարահանդէս + օդանաւի տոմսը:
Բ.- 7-22 սեպտեմբեր Երեւան, Արցախ, Ջերմուկ 1850 տոլար` օդանաւի տոմսով:
Գ.- 7-13 սեպտեմբեր Արեւմտեան Հայաստան, Ախալքալաք, Անի, Վան, Ս. Խաչ եկեղեցի, Աղթամար, Պայազիտ, Մուշ, Պիթլիս եւ Տուշպա + 7 օր Երեւան 1895 տոլար` մինչեւ 21 սեպտեմբեր, Պէյրութ – Երեւան – Պէյրութ օդանաւով, Հայաստանէն Արեւմտեան Հայաստան պասով:
Դ.- Ամէն ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի օրերը Հայաստան 8 օր, պանդոկ, նախաճաշ, փոխադրութիւն` առանց տոմսի 380 տոլար:
Ե.- Ուշադրութիւն.- Երեւանի մեր գրասենեակի պաշտօնեաները իրենց ինքնաշարժով պիտի ընկերակցին բոլոր անոնց, որոնք իրենց հպատակութեան անձնագիրները պիտի ստանան` առանց որեւէ յաւելեալ գումարի:
Զ.- Ամէն չորեքշաբթի 8 օր ՎԱՌՆԱ միայն 355 եւրօ, պանդոկ, բաց նախաճաշ + օդանաւի տոմսը:
Է.- Հայաստանի մէջ ունինք 5-55 հոգինոց մեծ ու փոքր վարձու օթոքար ներ` շատ յարմար գիներով:
Ը.- 14-30 սեպտեմբեր BEY-ATH+14 օր զբօսանաւով Իտալիա, Սպանիա եւ այլ քաղաքներ, լման ճաշերով, վիզաները` ապահովւած, միայն 3975 եւրօ:
Թ.- 20 դեկտեմբերէն 11 յունուար շրջապտոյտ դէպի Լոս Անճելըս, Թորոնթօ, լման պտոյտներով, վիզաները` ապահովուած, 4500 տոլար:
Հայաստանի մէջ հողակտորներ մայր պողոտայի վրայ, կալուածաթուղթով (թափուով) 1 քառ. մեթրը 3 տոլարէն սկսեալ, իսկ տիւփլեքս տուներ 75000 տոլարէն սկսեալ:
Դիմել Աշճեան Թուրզի գրասենեակ` Պուրճ Համուտ
Հեռ. 01/240654, 01-261177, 03-233978
E-mail.- Ashjiantours@hotmail.com
—————————————————————————————
ASHJIAN TOURS
Հայաստան – Իտալիա ֆութպոլի մրցումին առիթով Երեւանի մէջ մարզասէրներու յատուկ բացառիկ շրջապտոյտ 11-14 հոկտեմբեր, պանդոկ, օդանաւի տոմս, դաշտի մուտքի տոմսը, 2 օր լման պտոյտ, գիշեր մը ճաշկերոյթ-խրախճանք Աշտարակի ձորին մէջ` միայն 565 ամ. տոլար:
Շատ սահմանափակ տեղեր:
Հեռ. 01/261177, 01/240664, 03/233978:
—————————————————————————————
ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Լոնտոն բնակող ազգային մը 25-էն 40 տարեկանի մէջ եղող կը փնտռէ լիբանանահայ աշխուժ ուսուցչուհի, որ պաքալորէա աստիճանի գիտական դասեր, ուսողութիւն, անգլերէն եւ աշխարհագրութիւն-պատմութիւն կարենայ դասաւանդել անգլերէնով` իր զաւակներուն, տրամադրուելիք դասագիրքերու հիման վրայ: Ենթական անթերի անգլերէնի տէր պէտք է ըլլայ: Ենթական առաջին տարին Լիբանան պիտի գործէ եւ անկէ ետք` Լոնտոն: Պէտք է ինքնաշարժ վարելու արտօնագիր ունենայ եւ ճամբորդելու յօժար ըլլայ: Գործը կը սկսի սեպտեմբեր 2012-ին: Մինչեւ 20 յուլիս հեռաձայնել 01-340811 թիւին, ամէն օր, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն` ժամը 9:30-էն 1:30-ի միջեւ, մանրամասնութիւններու համար:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի 27-էն 45 տարեկան երիտասարդ պաշտօնեայի մը, որ ունենայ ինքնաշարժ վարելու արտօնագիր: Դիմել` հեռ. 01-254219, առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:30-ը:
—————————————————————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Տըպպայէի շրջան, 3 ննջասենեակ, հիւրասրահ, ճաշասրահ, 3 բաղնիք, գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց դիրք, վերելակ եւ կառատուն: Դիմել` հեռ. 79-104466:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի 25-էն 35 տարեկան թորնոճիի մը, նաեւ երիտասարդ պաշտօնեայի մը, համակարգիչ գործածել գիտնալը` պայման, հետաքրքրուողները կրնան դիմել առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00` հեռաձայնելով 70-522381 թիւին:
—————————————————————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Տոքթ. Անն Սաատէ իր մեծ մօր` Վարդուհի Տէրեան-Աբրահամեանի յիշատակին կը ստանձնէ օրուան մը ճաշի ծախսը`
300 ամ. տոլարով:
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 247 views
- Tweet
Email
Print



