ՀՅԴ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Մէկ Միասնական Թեկնածու, Եթէ…
By adminx - Sat Jul 14, 7:53 am
- 0 Comments
- 114 views
- Tweet
Email
Print
Թէեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կաշկանդուած չէ 2013-ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն սեփական թեկնածու ունենալու գաղափարով, սակայն պատրաստ է պաշտպանելու մէկ միասնական թեկնածու: Նախանցեալ օր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նման յայտարարութիւն մը ըրաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան. «Մեզ համար կարեւորը սկզբունքներն են, որոնց հիման վրայ կը ձեւաւորուի թեկնածուն: Միանշանակ է, որ մէկ քաղաքական ուժը չի կարող փոփոխութիւններ իրականացնել երկրում, եւ պէտք է համախմբուեն: Գաղափարը` մեր տեսակէտից` երկուսն է. առաջին` այն թեկնածուն, ով յաւակնում է դառնալ Հայաստանի նախագահ յառաջիկայ հինգ տարիների համար, պէտք է պարտաւորուի անցում կատարել կառավարման խորհրդարանական ձեւին», ըսաւ ան եւ նշեց, որ ատոր համար անհրաժեշտ են սահմանադրական փոփոխութիւններ:
Երկրորդ սկզբունքը, ըստ Մինասեանի, այն է, որ միասնական թեկնածուն պէտք է դրսեւորէ քաղաքական այնպիսի կամք, որ ընդդիմութեան կարելիութիւն ընձեռէ հակակշռելու իշխանական կողմը, մասնաւորապէս` անոր վստահուի Վերահսկիչ պալատի, Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնախումբի, Վարքի յանձնախումբի, Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի եւ այլ կառոյցներու ղեկավարի պաշտօնները:
«Եթէ այս երկու սկզբունքների հիման վրայ կը լինի միասնական թեկնածու, ապա ՀՅԴ-ն հանդէս կը գայ յայտարարութեամբ եւ կը պաշտպանի միասնական թեկնածուին», աւելցուց Արծուիկ Մինասեան:
- 0 Comments
- 114 views
- Tweet
Email
Print




