Հոլլանտի Հետ Հանդիպելէ Ետք Նախագահ Սլէյման Վերադարձաւ Պէյրութ
By adminx - Sat Jul 14, 7:51 am
- 0 Comments
- 58 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախանցեալ երեկոյեան Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ հանդիպելէ ետք վերադարձաւ Պէյրութ:
Նշենք, որ հանդիպումէն ետք Հոլլանտ ընթրիք մը սարքեց` ի պատիւ նախագահ Սլէյմանի:
Ընթրիքէն ետք Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք նախագահ Սլէյմանի յայտնած է Ֆրանսայի ամբողջական զօրակցութիւնը` Լիբանանին, յատկապէս նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները:
«Մենք կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնենք Լիբանանի կառավարութեան, որ կը գործէ ի խնդիր Լիբանանի միասնականութեան, ապահովական կայունութեան եւ բարգաւաճման: Իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն Ֆրանսայի մասնակցութիւնը մեզի համար միջոց մըն է Լիբանանի նկատմամբ ունեցած մեր զօրակցութիւնը փաստելու», ըսաւ Հոլլանտ:
Հոլլանտ գնահատեց Լիբանանի մէջ ընթացող Ազգային երկխօսութեան նիստը` աւելցնելով, որ Լիբանան յանձնառու պիտի մնայ երկրին սահմանադրական առաջադրանքներուն:
Ան նշեց նաեւ, որ Ֆրանսա կառչած պիտի մնայ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ միասնականութեան:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Ֆրանսա Լիբանանէն պահանջներ չունի` ընդգծելով միաժամանակ, որ անոր համար կարեւորը Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն է եւ երկրին ապահովութիւնն ու ազգային գերիշխանութիւնը պահպանելը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ իրենք լիբանանեան բանակին համար օժանդակութիւններ խնդրած են` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականները ընդունելու իմաստով այլ պետութիւններ պէտք է Լիբանանին օժանդակեն, որովհետեւ Լիբանան չի կրնար այդ բեռը առանձինն վերցնել:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց Սուրիոյ դէպքերն ու միջադէպերը Լիբանանին չփոխանցելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական ուժերուն աշխուժ գործունէութիւնը:
Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց Հոլլանտը` նախագահ ընտրուելուն առիթով եւ շեշտեց լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Հոլլանտին` Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
Նշենք, որ Հոլլանտ նախագահ Սլէյմանէն ստացաւ Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը եւ խոստացաւ ամէնէն մօտիկ ապագային ընդառաջել այդ հրաւէրին
- 0 Comments
- 58 views
- Tweet
Email
Print




