Պըրրի Ընդունեց Պըրնզը
By adminx - Sat Jul 14, 7:49 am
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ուիլիըմ Պըրնզը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահի տեղեկատուական խորհրդական Ալի Համտանի:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան կառչած պիտի մնայ իր որդեգրած չէզոք կեցուածքին` պահպանելու համար իր ապահովական կայունութիւնը: Այս ծիրին մէջ Պըրրի մատնանշեց հարաւային Լիբանանի ապրած խաղաղ ու կայուն իրավիճակը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Սուրիոյ տագնապը, որուն շրջագիծին մէջ Պըրրի հաստատեց, որ որքան շուտ կարելի ըլլայ տեղական, շրջանային թէ միջազգային քաղաքական լուծում մը գտնել այդ տագնապին, այդքան լաւ կ՛ըլլայ Սուրիոյ, Լիբանանին եւ ամբողջ շրջանին համար:
Պըրրի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ տագնապը լուծել հիմնուելով երկխօսութեան վրայ:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Սայտայի քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտին, Սայտայի առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի գրասենեակի նախագահ Մոհամետ Սալեհը եւ Սայտայի առեւտրականներու միութեան ներկայացուցիչ Մոհամետ Հիժազին:
Հանդիպումէն ետք Սէուտի յայտնեց, որ իրենք խորհրդարանի նախագահին յանձնած են երկու նամակներ, որոնցմէ առաջինը` շէյխ Ահմետ Ասիրի արարքներուն դատապարտումը` Սայտայի ճամբան փակելու եւ Պըրրիի հասցէին վարկաբեկիչ յայտարարութիւններ կատարելու յանդգնութեան առումով:
Ան Սայտայի բնակչութեան անունով ներում հայցեց խորհրդարանի նախագահէն:
Պըրրի շնորհակալական հեռագիր մը ստացաւ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիէն` առ ի պատասխան իրեն ուղղուած Պըրրիի շնորհաւորական հեռագիրին:
Պըրրի նամակ մը ստացաւ նաեւ Համասի ղեկավարութենէն եւ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան ուժերու դաշինքէն` արժեւորելու համար իր թափած ջանքերը ի խնդիր պաղեստինեան հարցին լուծման, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքին կառչածութեան:
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print




