Ուսուցիչները Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն Պետական Քննութիւններուն Սրբագրութիւնը Եւ Գործադուլի Կոչ Կ՛ուղղեն Պետական Մարզի Պաշտօնէութեան
By adminx - Sat Jul 14, 7:48 am
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print
Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պիր Հասանի Զահիա Սալման երկրորդական վարժարանին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին խորհուրդը կոչ ուղղեց յառաջիկայ երեքշաբթի օր պետական հաստատութիւններուն եւ նախարարութիւններուն մէջ գործադուլ կատարելու եւ այդ հաստատութիւններուն դիմաց նստացոյցեր կատարելու կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին` բողոքելու համար վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի խոստումներուն չգործադրուելուն դէմ:
Հանդիպումէն ետք խորհուրդի անդամ, Լիբանանեան վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ պահանջեց, որ կառավարութիւնը իր խոստումները գործադրէ:
Ղարիպ յայտնեց, որ ուսուցիչները երեքշաբթի օրուընէ սկսեալ պոյքոթի պիտի ենթարկեն պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնը:
- 0 Comments
- 5 views
- Tweet
Email
Print



