Քուրայի Մէջ Սուր Ընտրապայքար` Ազարի Եւ Քարամի Միջեւ
By adminx - Sat Jul 14, 7:46 am
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print
Քուրայի մէջ վաղը տեղի կ՛ունենան երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ` Ղովմի կուսակցութեան թեկնածու Ուալիտ Ազարի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածու Ֆատի Քարամի միջեւ սուր ընտրապայքարի մը մթնոլորտին ներքեւ:
Քուրայի մէջ Ղովմի կուսակցութեան թեկնածու Ուալիտ Ազար շեշտեց, որ Քուրայի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն սուր ընտրապայքար պիտի արձանագրուի, «սակայն ի վերջոյ Քուրա պիտի յաղթանակէ իր համոզումներով եւ ազգային սկզբունքներով»:
Նշենք, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կոչ ուղղեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Քուրայի համակիրներուն ընտրելու այնպէս մը, որ Ուալիտ Ազար ըլլայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան թեկնածուն:
«Քուրայի բնակիչները պէտք է նկատի ունենան, որ իրենց մօտակայ շրջանին` Աքքարի մէջ վտանգաւոր իրադարձութիւններ կը կատարուին, հետեւաբար պէտք է իրենց մտքով մտածեն եւ ճիշդ ընտրութիւնը կատարեն», շեշտեց զօր. Աուն:
Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ Քուրայի մէջ Ղովմի կուսակցութեան յաջողութիւնը կը նշանակէ Մայիս 7-ի քաղաքական ուղեգիծին յաջողութիւնը, եւ մենք պիտի չարտօնենք նման յաղթանակ մը:
Հարիրի շեշտեց, որ իրենց համար Քուրայի ընտրապայքարը ճակատագրական է` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն այդ ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելու ի խնդիր:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածու Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Քուրայի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւնները ժողովրդավարական պիտի ըլլան` աւելցնելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը միասնականութեամբ պիտի մղեն ընտրապայքարը:
Երէկ կէսօրէ ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մաարապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Քուրայի մէջ իրենց յաղթանակը հաստատ է` աւելցնելով, որ այդ յաղթանակը պիտի ըլլայ արձանագրուելիք այլ յաղթանակներու սկիզբը եւ պիտի պսակուի կառավարութեան կազմութեամբ:
Անդրադառնալով այն ուժերուն, որոնք յայտարարած էին, թէ Քուրայի ընտրապայքարը միայն Ղովմի կուսակցութեան ընտրապայքարը պիտի չըլլայ, Ժահժահ ըսաւ, որ ուրեմն պարտութիւնն ալ իր կարգին միայն Ղովմի կուսակցութեան պարտութիւնը պիտի չըլլայ:
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print



