Բանակը Սկսած Է Դիրքաւորուիլ Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ
By adminx - Sat Jul 14, 7:43 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հիմնուելով 9 յուլիս 2012-ին կառավարութեան կողմէ տրուած որոշումին վրայ, բանակը սկսած է հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի ու անոր արուարձաններուն մէջ դիրքաւորուիլ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ դիրքաւորումի աշխատանքին պիտի միանան նաեւ զինուորական այլ միաւորներ, ինչպէս նաեւ ապահովական միացեալ ուժեր, որոնք նախապէս հիւսիսի մէջ ներկայութիւն էին:
Բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերը տեղեակ պահուած են, թէ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պահպանելու ի խնդիր բանակը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սուրիական սահմանակից շրջանին զէնքի մաքսանենգումն ու զինեալներու ապօրինի մուտքը պիտի արգիլէ եւ ուղղակի կրակոցով պիտի հակադարձէ որեւէ կրակոցի պարագային, որուն կողմէ ալ ըլլայ այդ կրակոցը:
Բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ ինք մեծ վստահութիւն ունի, թէ շրջանին բնակչութիւնը իրեն հետ պիտի գործակցի եւ պիտի ենթարկուի գետնի վրայ իր որդեգրելիք ապահովական միջոցառումներուն:
Բանակի հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց հիւսիսային Լիբանանի բնակչութեան օժանդակելու բանակին` ձախողեցնել կարենալու համար երկրին ապահովական կացութիւնը խախտող որեւէ մագլցողական քայլ կամ օրինազանցութիւն:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print



