Բազմահազար Ունկնդիրներ Ներկայ Գտնուեցան «Վանայ Ձայն»-ի Կազմակերպած Ամառնային Երգի Փառատօնին
By adminx - Sat Jul 14, 7:29 am
- 0 Comments
- 218 views
- Tweet
Email
Print
Հարազատ հայ երգի եւ երաժշտութեան արթուն պահակը, սփիւռքահայութեան լաւագոյն ձայնը` «Վանայ ձայն»-ը իր հաւատարիմ ունկնդիրներուն հայ երգի ունկնդրութեան գեղեցիկ եւ անմոռանալի գիշեր մը պարգեւեց ամառնային երգի փառատօնով մը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 13 յուլիս 2012-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին կից կառատան մէջ, մասնակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներ Մանուկ Մինասեանի, Գարմէն Աճեմեանի, Կարօ Կապուտակեանի, Արարատ Ահարոնեանի, Լիզա Սվաճեանի, Վիգէն Տիշչեքենեանի, Հրաչ Կայծակեանի եւ Շաքէ Պաղտասարեանի, ընկերակցութեամբ Խաչիկ Մալխասեանի եւ իր նուագախումբին:
«Վանայ ձայն»-ի կազմակերպած ամառնային այս փառատօնին ներկայ էին աւելի քան 5000 հայորդիներ, որոնք «Վանայ ձայն»-ի խորհրդանիշով դրօշակներ բարձրացուցած վայելեցին եւ անմոռանալի ժամեր անցուցին լիբանանահայ երգիչներուն կատարած երգերով:
Այս առիթով բացման խօսքը արտասանեց Սագօ Նոխուտեան, որ յայտնեց, թէ այս փառատօնը նուիրուած է ժողովուրդին, որ միշտ եղած է «Վանայ ձայն»-ի կողքին, նիւթապէս եւ բարոյապէս միշտ նեցուկ կանգնած է անոր:
«Այս փառատօնը ընդունեցէք մեր կողմէ իբրեւ շնորհակալութեան արտայայտութիւն», շեշտեց Սագօ Նոխուտեան եւ խօսելով «Վանայ ձայն»-ի առաքելութեան մասին յայտնեց, որ ձայնասփիւռի այս կայանը հարազատօրէն կը տանի հայապահպանման դժուար առաքելութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա Հայաստանէն եկող պահանջատէր կանչը հարազատօրէն կը հասցնէ սփիւռքահայութեան: «Ձայնասփիւռի այս կայանը ձեզի հետ է ձեր տխրութեան ու ուրախութեան պահերուն եւ կը մնայ ձեր հաւատարիմ ընկերը, եւ մենք հպարտ ենք ձեզմով», եզրափակեց Սագօ Նոխուտեան:
Ապա խօսք առաւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւօ Կիտանեան, որ յայտնեց, թէ «Վանայ ձայն»-ը առանց իր ունկնդիրներուն գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ «մեր ունկնդիրները միշտ եղած են մեր կողքին, իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ օժանդակած են ձայնասփիւռի կայանին առաքելութեան եւ գոյատեւման»: Աւօ Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, «Վանայ ձայն»-ի հաւատարիմ ունկնդիրներուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր իրենց նպաստը բերելու «Վանայ ձայն»-ի բարգաւաճման եւ հզօրացման աշխատանքին:
«Կը խոնարհիմ ձեր դիմաց եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրիդ` ձեր ներկայութեան եւ զօրակցութեան համար` խոստանալով, որ ձայնասփիւռի այս կայանը մնայ միշտ հարազատը եւ լաւագոյնը», ըսաւ Աւօ Կիտանեան:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից երգիչներուն, նուագախումբի բոլոր անդամներուն, նուագախումբի ղեկավար Խաչիկ Մալխասեանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, ձեռնարկի հովանաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ զօրակցութիւնը յայտնեցին այս փառատօնի յաջողութեան:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ փառատօնին յայտագիրը: Լիբանանահայ իւրաքանչիւր երգիչ իր ներկայացուցած հայեցի երգով գագաթնակէտին հասցուց ներկայ բազմահազար ունկնդիրներուն խանդավառութիւնը: Փառատօնը վերջ գտաւ «Էրեբունի- Երեւան» խմբերգով:
- 0 Comments
- 218 views
- Tweet
Email
Print





