Հաղորդագրութիւն
By adminx - Sat Jul 14, 7:25 am
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print
ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնը, բարձր գնահատելով հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը` իբրեւ միացեալ հայրենիք կերտելու կարեւոր քայլերէն մէկը, իր աշխատանքներուն մէջ ներառած է գործուղումներ կատարել Արցախի զանազան շրջաններուն մէջ:
Այս ծիրին մէջ, երէկ խումբ մը ԶՈՄ-ականներ մեկնեցան Քաշաթաղի Կովսական շրջանը, ուր մինչեւ 10 օգոստոս տեղի պատանիներուն հետ պիտի իրագործեն տարբեր տեսակի աշխատանքներ եւ ներկայացնեն դասաւանդման նիւթեր, ինչպէս` պատմութիւն, երգեցողութիւն, անգլերէնի ուսուցում, ձեռային աշխատանք, մարզական խաղեր, պար, գծագրութիւն եւ այլն:
Պէտք է նշել, որ այս ծրագիրը նախորդ տարիներուն իր կատարելագործումին չէր հասներ առանց ձեր հաւատքին եւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքի զաւակներուն գրկաբաց ընդունելութեան:
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար հետեւեցէք «Ազդակ» օրաթերթին եւ «Վանայ ձայն»-ի լուրերուն:
ՀՅԴ ԶՈՄ
- 0 Comments
- 37 views
- Tweet
Email
Print



