Սփիւռքի Լրագրողներու Վերապատրաստութեան Դասընթացքը Կը Շարունակուի
By adminx - Sat Jul 14, 7:19 am
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` ուրբաթ, 13 յուլիս 2012-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքին ծիրին մէջ, Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի գիտական քարտուղար, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մհեր Յովհաննիսեան տուաւ դասախօսութիւն մը` իբրեւ հիմնական նիւթ ունենալով հայագիտութիւնը համացանցին վրայ եւ անոր կարեւորութիւնը:
Ան լրագրողներուն ներկայացուց Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պետական կառոյցներու, ոչ պաշտօնական, ինչպէս նաեւ հայկական գիտահետազօտական կառոյցներու, ելեկտրոնային գրադարաններու եւ հանրագիտարաններու կայքեր:
Դասընթացքին երկրորդ բաժինով Երեւանի պետական համալսարանի տեսական փիլիսոփայութեան եւ տրամաբանութեան ամպիոնի վարիչ, դոկտ. փրոֆ. Ալեքսանտր Մանասեան զեկուցեց հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մասին, թէ ինչպէ՛ս սկսաւ ղարաբաղեան տագնապը եւ հիմա ինչպիսի՛ լուծումներ կը ստանայ:
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print



