Saturday May 18, 2013

Խաւաքարտի Պատմութիւն

By adminx - Sat Jul 14, 5:32 am

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

«Էլոյիզա քարթոներա» համագործակցական թիւն մըն է, որ 2007-էն ի վեր հաստատուած է Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի Պոքայի թաղամասին մէջ:

Այս իւրայատուկ համագործակցականը կը կազմէ գիրքեր` գիշերը քարթոներասներուն (թուղթի թափօններ հաւաքողներ) հաւաքած թուղթի եւ խաւաքարտի թափօններէն: Համագործակցականը անոնցմէ այդ «աղբերը» կը դնէ վերամշակումի գործարաններէն երկու անգամ աւելի վճարելով:

Այս ձեւով, «Էլոյիզա քարթոներա» հրատարակած է աւելի քան 200 գիրք: Տպարանի վերածուած փիցցայի հին ճաշարանի մը մէջ, տետրակին էջերը կը տպուին հին գերմանական մեքենայի մը միջոցով եւ ապա կը փակցուին կողքերուն մէջ:

Հոն իւրաքանչիւր գիրք իւրայատուկ է: Տարբեր կաղապարներով, վրձիններով եւ ջրաներկեր գործածելով` Պոքայի բնակիչները կը մասնակցին այս մեծ արկածախնդրութեան. մանուկ կամ չափահաս` իւրաքանչիւրը կրնայ իր անձնական կողքը ստեղծել:

Այս տարօրինակ գաղափարը յղացած է արժանթինցի գրագէտ Ուաշինկթըն Քուքուրթօ: Ան դժուարութիւններու կը հանդիպէր հրատարակիչներ գտնելու: Հետեւաբար ան կ՛որոշէ իր անձնական հրատարակչատունը ստեղծել: Այժմ անոր գիրքերը կը հրատարակուին Արժանթինի ամէնէն շատ վարկ ունեցող հրատարակիչ ընկերութեան կողմէ` «էմեսէ»:

Գիտէի՞ր, թէ «Էլոյիզա քորթոներա» օրինակ դարձած է: Այժմ աշխարհին մէջ գոյութիւն ունին քարթոներայի նման 70 ծրագիրներ:

 

Պրոնիայի Թռչուն Գիրքերը

Պրոնիա Սոյըր գիրքերը միայն կարդալու համար չի գործածեր, այլ ան զանոնք կը վերածէ արուեստի գործերու:

Անգլիացի այս արուեստագիտուհին գիրքերով կը ստեղծէ թռչուններ եւ տեսարաններ: Սակայն ինչպէ՞ս կ՛աշխատի ան: Ան նախ կ՛ընտրէ գիրք մը, որովհետեւ կը սիրէ անոր վերնագիրը, պատմութիւնը, կամ թուղթին գոյնն ու տեսակը: Ան կը սիրէ յատկապէս գործածել հին բառարաններ կամ Շէյքսփիրի գիրքերը:

Ապա ան այդ գիրքերուն էջերը կը ծալէ, կը կտրէ, կը փաթթէ… Պրոնիա կը մտածէ նաեւ թուղթերուն գոյնին մասին: Անոր համար հին եւ դեղինցած գիրքերը կը յիշեցնեն մանկութեան օրերը: Ան երբեմն էջերուն գոյնը կը զօրացնէ յատուկ ներկեր գործածելով: Ան աշխատելու յատուկ ձեւ մը չունի: Կրնայ ըլլալ, որ անոր ստեղծած իւրաքանչիւր կտոր նմանութիւններ ունենայ ուրիշ կտորի մը հետ, սակայն ան ինքնին իւրայատուկ, կը բացատրէ Պրոնիա:

 

Գիրքերն Ալ Կրնան Ճամբորդել

Ինչպէ՞ս կրնայ գիրք մը ճամբորդել երկրի մը մէջ… կամ նոյնիսկ` աշխարհին շուրջը դառնալ: Ընթերցանութիւնը սիրող միջազգային համայնք մը գտած է միջոցը` «Պուք քրոսինկ»:

Այս շարժումը ծնած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն սկսած է հմայել աշխարհին շուրջ բազմաթիւ ընթերցողներ, որոնք միշտ գրական նորութիւններ կը փնտռեն: Այս ձեւով, անոնք որոշած են ազատօրէն եւ ձրիօրէն շրջագայութեան մէջ դնել իրենց նախասիրած գիրքերը: Ամէն մարդ կրնայ մասնակցիլ այս շարժումին: Սկզբունքը պարզ է. նախընտրաբար կարդալէ ետք, եթէ սիրեցիր այդ գիրքը, զայն բնութեան մէջ «արձակէ». նստարանի մը վրայ, հանրային պարտէզի մը մէջ, կոթողի մը քով լքուած այս գիրքը պիտի գտնուի ուրիշ ընթերցասէրի մը կողմէ, որը իր կարգին զայն պիտի կարդայ եւ ապա լքէ ուրիշ վայրի մը մէջ…

Գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունին յատուկ կայքէջեր, ուր կարելի է ձրիօրէն ներբեռնել գիրքը, որուն կը տրուի յատուկ թիւ մը: Այս ձեւով ընթերցողները կարելիութիւնը կ՛ունենան հետեւելու իրենց նախասիրած գիրքերուն «արկածախնդրութիւններուն»:

 

Ձեռային Աշխատանք

Թուղթէ Անասուններ

Անշուշտ թուղթերը եւ խաւաքարտները կարելի է նաեւ գործածել պզտիկ ձեռայիններ շինելու համար եւ այս ձեռայիններն ալ օգտագործել ընկերներով հաճելի ժամանակներ անցընելու համար:

Պէտք ունիս

Ճերմակ բարակ խաւաքարտի, մելանով մատիտ ներկերու, մկրատի, թուղթի վրայ ծակեր բացող գործիքի:

Ինչպէ՞ս

 

1.- Այս էջին վրայի անասուններուն նկարները օգտագործէ խաւաքարտին վրայ անոնց շրջագիծը գծելու համար:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

2.- Շրջագիծերը կտրէ: Մատերուն բաժինները կտրելու համար կրնաս չափահասէ մը խնդրել, որ քեզի օգնէ: Նախ կլորակին մէջ գործիքով ծակ մը բաց, եւ ապա մկրատը այդ ծակին մէջ անցնելով` աւելի դիւրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ կլորակը կտրել:

 

3.- Այս մատի խամաճիկներդ ներկէ եւ զարդարէ` առանց մոռնալու մանրամասնութիւնները աւելցնելու:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4.- Մանրամասնութիւններուն եւ գիծերուն վրայէն հաստ եւ բարակ սեւ մելան մատիտներով անցիր:

5.- Խամաճիկներդ պատրաստ են: Կրնաս ընկերներդ հաւաքել եւ միասին վայրի անտառի մէջ խաղ մը կազմակերպել:

 

 

 

——————————————————————————————————————

Հարցում/Պատասխան

 

1) Ըստ պատմութեան, ո՞վ ներածած է սփակեթիները Չինաստանէն Եւրոպա:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

2) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն մեծ թանգարանային համալիրը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

3) Քանի՞ նաւ ճամբայ ելաւ Քրիստափոր Քոլոմպոսի հետ` անոր երկրորդ ճամբորդութեան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանները

 

1) Մարքօ Փոլօ: Ան իտալացի վաճառական մըն էր, որ մետաքսի ճամբան կտրած է 13-րդ դարոն:

 

2) Սմիցոնեան հիմնարկը, որ կը համախմբէ 16 տարբեր թանգարաններ, Ազգային կենդանաբանական պարտէզը, եւ հետազօտութեանց տարբեր հիմնարկներ:

 

 

3) Տասնեօթը: Այս երկրորդ ճամբորդութեան ընթացքին Քոլոմպոս գտաւ Փուէրթօ Ռիքոն, Կուատըլուփը եւ Ժամայքան:


Ժամանց

 

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 67` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել պատկերը` տուփիկներուն հետեւելով:

Leave a Reply

Advertisement