«Հարսնաքարի»-Ի Հարցով Ազգային Ժողովի Ժամանակաւոր Յանձնախումբ Ստեղծելու Նախաձեռնութեամբ Հանդէս Պիտի Գան Չորս Խմբակցութիւններ
By adminx - Fri Jul 13, 8:02 am
- 0 Comments
- 116 views
- Tweet
Email
Print
Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան երէկ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` տեղեկացնելով, որ Ազգային ժողովի չորս խմբակցութիւններ` Հայ ազգային քոնկրեսը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, ՀՅԴ-ն եւ Ժառանգութիւնը հանդէս պիտի գան Ազգային ժողովի արտահերթ նստաշրջան գումարելու նախաձեռնութեամբ, որուն օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ «Հարսնաքար»-ի միջադէպին հետ կապուած Ազգային ժողովի ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելու հարցը:
Իբրեւ նման նախաձեռնութեամբ հանդէս գալու պատճառներ` Լեւոն Զուրաբեան թուարկեց «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ 17 յունիսին տեղի ունեցած միջադէպին եւ անոր իբրեւ արդիւնք Վահէ Աւետեանի մահանալուն հետ կապուած հասարակութեան մէջ յառաջացած մեծ լարուածութիւնը, Ազգային ժողովին կողմէ արագ արձագանգի պարագային ընդհանուր լարուածութեան թուլացման կարելիութիւնը, նշուած դէպքը Ազգային ժողովի պատգամաւորի անուան հետ կապուած ըլլալու ու ըստ այդմ` անոր պատասխանատուութեան հարցը յառաջանալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ այն, որ միջադէպը բացասաբար պիտի ազդէ բանակի բարոյահոգեբանական վիճակին վրայ:
Լեւոն Զուրաբեան տեղեկացուց, որ վերը նշուած խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացած են համապատասխան քննարկումներ եւ կայացած է նման նախաձեռնութեամբ հանդէս գալու որոշում:
Ազգային ժողովի արտահերթ նստաշրջանը, Զուրաբեանի համաձայն, պիտի հրաւիրուի 17 յուլիսին:
Զուրաբեան տեղեկացուց նաեւ, որ իրենք պիտի դիմեն նաեւ անկախ պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ միւս պատգամաւորներուն, որոնց կրնայ այս տեղեկատուութիւնը հրապարակային ձեւով չհասնիլ, եւ պիտի խնդրեն վաղը ժամը 3-էն այցելել Ազգային ժողովի Նիկոլ Փաշինեանի սենեակ եւ ձգել իրենց ստորագրութիւնը:
Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութեան ղեկավարը նաեւ չբացառեց, որ իրենք դժուարութիւններ պիտի ունենան անհրաժեշտ 44 ստորագրութիւնները ապահովելու հարցով` ըսելով, որ իրենք ամէն գնով պիտի փորձեն հասնիլ ատոր:
Զուրաբեան հաւանական նկատեց նաեւ այն, որ նախագիծը պիտի շահարկուի, քանի որ միջադէպին հետ կապուած հարցը տակաւին կը գտնուի քննութեան փուլին` իրաւապահ մարմիններու կողմէ, եւ տեղեկացուց, որ նման պատճառաբանութիւններէն խուսափելու համար իրենք Մարտ 1-ի յանձնախումբին հետ կապուած բոլոր հաւանական նախադէպերը տեղափոխած են նաեւ այս յանձնախումբի նախագիծ:
- 0 Comments
- 116 views
- Tweet
Email
Print



