Sunday May 19, 2013

Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին Միքաթի Կը Հաստատէ Կարելի Բոլոր Միջոցներով Բռնագրաւուած Իր Հողերը Ազատագրելու Լիբանանի Իրաւունքը

By adminx - Fri Jul 13, 7:58 am

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ  վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Կառավարութիւնը քննարկեց 50 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ողջունեց հարաւային Լիբանանի մէջ զոհուած լիբանանցի քաղաքացիներուն եւ մարտիկներուն յիշատակը` շեշտելով, որ Լիբանան իրաւունք ունի իր կարելի բոլոր միջոցներով ազատագրելու իր բռնագրաւուած հողերը, որոնք կը գտնուին Շեպաայի, Քֆարշուպայի եւ հիւսիսային Ղաժարի մէջ` առանց մոռնալու, որ թշնամի Իսրայէլ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ոտնձգութիւններ գործելու լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ իւրացնելու Լիբանանի բնական հարստութիւնները` յատկապէս քարիւղի եւ կազի հարստութիւնը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարներուն 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը վաւերացնելու առիթով, յատկապէս գնահատելով այն առաւելութիւնը, որ այդ ծրագիրը լիբանանցի քաղաքացիին յաւելեալ տուրքեր չէ պարտադրած:

Միքաթի մաղթած է, որ խորհրդարանը իր սահմանադրական իրաւունքը գործադրէ` քննարկելով 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է վաւերացնէ նաեւ ընտրական օրէնքը:

Վարչապետը աւելցուցած է նաեւ, որ կառավարութիւնը մեծ յոյսեր ունի հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ բանակին դիրքաւորումին ունենալիք արդիւնքներէն` ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու առումով:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը տուած է շարք մը որոշումներ, որոնցմէ են գումարներու յատկացում` «Օժերօ»-ին, Սայտայի աղբերու զտման սնտուկին եւ շարք մը այլ ծրագիրներու գործադրութեան:

Տաուք յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի կառավարութիւնը հրաւիրած է յառաջիկայ չորեքշաբթի կէսօրէ ետք տեղի ունենալիք նիստի մը` Պաապտայի մէջ:

 

Leave a Reply

Advertisement